Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆիյոնը եւ Լը Փէնը կը խօսին Արցախի ապագային մասին

Ֆրանսայի նախագահութեան գլխաւոր երկու թեկնածուներ Ֆիյոնը եւ Լը Փէնը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկան օրերս՝ խօսելով Արցախի մասին։

Ֆրանսուա Ֆիյոն յայտնած է, որ 1921-ին Ղարաբաղը Սթալինի կողմէ կամայականօրէն անջատուած է Հայաստանէն եւ միացուած Ատրպէյճանին։ Իսկ  ազգայնական Մարի Լը Փէն նշած է, որ Խ. Միութեան փլուզումէն ետք պէտք էր այնպիսի համաձայնութիւն ըլլար, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը վերամիաւորուէր Հայաստանին հետ։

Պարզ է, որ ընրտրարշաւ է, եւ երկու թեկնածուներն ալ կը փորձեն գրաւել ֆրանսահայութեան ձայները, բայց եւ այնպէս փաստը կը մնայ փաստ, երբ անոնք նման յայտարարութիւններով հանդէս կու գան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ