Մեր գաղութը արդէն իսկ մեծ ոգեւորութեամբ, ձեռնարկներով, նաւապտոյտներով, եւ այլ միջոցառումներով կը պատրաստուի նշել հայ մայրերու տօնը՝ Մայիս 14-ին: Արդարեւ, հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մեծ դեր կատարած են հերոսուհի մեր թանկագին մայրերը, որոնք արժանի են ամէն յարգանքի եւ պատիւի:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր հայ մայրերը իրենց տօնին առիթով, մաղթելով, որ անոնց օրհնեալ շուքը եւ ներկայութիւնը անպակաս ըլլան իրենց զաւակներուն եւ ընտանիքներուն վրայէն: