Վերոյիշեալ թեմայով միջոցառում մը կազմակերպած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը Ապրիլ 21-ին։
Ելոյթ ունեցած են մեծ թիւով «շառաւիղներ»։ Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յանձնարարած է «Հայերն Այսօր»ի խմբագրութեան, որ նոր բաժին մը բանան իրենց կայքին վրայ՝ «Պատմիր քո պատմութիւնը» անունով, որպէսզի Ցեղասպանութեան ժառանգները պատմեն իրենց պատմութիւնը եւ շփուին իրարու հետ։