Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Արամ Ա. կաթողիկոս. «Ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին նկատմամբ հաւատք ունի»

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ այդ կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Լիբանանի մէջ նշուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ելոյթ ունեցած է պատկերասփռուած պատգամով։ Ան ի միջի այլոց ըսած է. «Մենք կրնանք ուրանալ կամ անտեսել իրականութիւնը, բայց չենք կրնար մոռնալ կամ թաղել զայն։ Թուրքիան պէտք է յարգէ իր սեփական պատմութիւնը, փոխէ իր ուրացման եւ ժխտողական ռազմավարութիւնը եւ ընդունի իրականութիւնը. Այո՛, իրականութիւնը կը նեղացնէ, սակայն ի վերջոյ ան կ՚առաջնորդէ դէպի հաշտեցում եւ ապաքինում։ …Ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին նկատմամբ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ՝ տեսլական»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ