Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ հանդիպումին արդիւնքը

Ապրիլ 28-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպումը, որմէ ետք, անոնց միացած են նաեւ Մինսքի խումբի ամերիկացի ու ֆրանսացի համանախագահները։

Հանդիպումին ընթացքին խօսուած է Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները կատարելու կարեւորութեան մասին։ Վիեննայի հանդիպումին կարեւոր կէտերէն մէկն է՝ սահմանին վրայ հետաքննութեան սարքերու տեղադրումը եւ երկրորդը՝ Արցախի կարգավիճակը։

Մինսքի խումբի համանախագահները այս անգամ նոյնպէս առանձին չեն ձգած Հայաստանը, ինչպէս Փեթերսպուրկի հանդիպումէն ետք, ուր Մոսկուան եւ Պաքուն փորձեցին չէզոքացնել Վիեննայի պայմանաւորուածութիւնները։

Միւս կողմէ, բանակցութիւններուն օրը, սահմանին վրայ հայ զինուոր սպաննուեցաւ, որուն դիմաց Հայաստան պատասխանեց, թէ ուրեմն Պաքուն չի կարեւորեր բանակցութիւնները։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ