Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայիս 9-ը՝ Եւրոպայի օր

Ամէն տարի Մայիս 9-ին կը նշուի Եւրոպայի համերաշխութեան եւ միասնութեան տօնը։ Այդ օրը Շումանի պատմական հռչակագիրին տարեդարձն է։ 1950 թուականին, Փարիզի մէջ ելոյթ ունենալով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ռոպերթ Շուման խօսելով համագործակցութեան մասին, կոչ ըրած էր վերջ տալ եւրոպացիներու միջեւ պատերազմներուն։ Ձեւով մը, Շումանի առաջարկը իրականացաւ, ստեղծելով Եւրոպական Միութիւնը։

Այս գծով, Մայիս 6-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ՝ «Եւրոպան յանուն խաղաղութեան» խորագիրով։ Իսկ նախագահ Սերժ Սարգսեան նոյն օրը այցելած է ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքիին, քննարկելով ԵՄ-ՀՀ յարաբերութիւնները, շնորհաւորելով Եւրոպայի օրուան առիթով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ