Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ քոնկրէսականներ Սեպտեմբերին կ՚այցելեն Հայաստան

«Ամերիկայի Ձայն»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ԱՄՆ Քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Աննա Էշու ըսած է, որ քոնկրէսականներու պատուիրակութիւն մը Սեպտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան։ Ան յիշեցուցած է, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին մեկնած էր Երեւան, մաս կազմելով նախագահական պատուիրակութեան։

Խօսելով ԱՄՆ-ի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումին մասին, ան ըսած է, որ «այդ գործը դեռ անաւարտ է… կը կարծեմ, որ մեր երկիրը բաւական հզօր է, որ դիմակայէ, այսպէս կոչուած հսկայական ընդդիմութիւնը, որ իրականութեան մէջ այդքան ալ հսկայական չէ»։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ