Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ

 

Վիպագիր, խմբագիր, հրապարակագիր եւ ազգային-կուսակցական գործիչ Անդրանիկ Անդրէասեան ծնած է 4 Հոկտեմբեր 1909-ին, Չմշկածագ քաղաքի Հազարի գիւղը։ Եղեռնին եւ յաջորդող տարիներուն գաղթականներու հետ 5-6 տարի անցուցած է որբանոցներու մէջ,– Տերսիմ, Էրզրում, Կովկաս, Պոլիս, Յունաստան եւ Ֆրանսա։ 1928-ին հասնելով Նիւ Եորք՝ միացած է իր ծնողներուն։

1937-ին փոխադրուած է Ֆրեզնօ, որպէս խմբագիր «Նոր Օր» շաբաթաթերթի եւ վարիչ-քարտուղար ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի։ 20 երկար տարիներ վարելէ ետք վերոյիշեալ պաշտօնները, կը հրաւիրուի Պոսթոն, խմբագրելու «Պայքար» օրաթերթը։ Հինգ տարիներ վարած է նաեւ նոյն թերթին գրական եռամսեան։ 1970-1977 կրկին վերադարձ դէպի Արեւմտեան ափ, խմբագրելու «Նոր Օր» եռօրեան։

Անդրանիկ Անդրէասեան աւելի քան կէս դար ծաւալուն գործունէութիւն ունեցած է սփիւռքի ազգային-քաղաքական եւ գրական-մշակութային կեանքին մէջ։ Մասնակցած եւ շրջան մըն ալ խմբագրած է «Նոր Գիր» գրական հանդէսը։ Բազմիցս այցելած է Հայաստան եւ սփիւռքահայ գաղութներ։ Ան ՌԱԿ-ի կողմէ ստորագրած է հայկական իրաւունքներուն վերաբերող այն յուշագիրը, որ Ամերիկահայ Ազգային Խորհուրդին անունով յանձնուած է  ՄԱԿ-ին, 1945-ին։

Գրած եւ հրատարակած է տասնեակ մը գիրքեր, որոնցմէ են՝ «Սպիտակ արդարութիւն», «Կարմիր ասպատակի օրագրէն», «Վերջին կայանը», «Տարագիր երկինքի տակ», «Երկար գիշերին մէջէն», «Հայկական Դատին նոր հանգրուանը», «Համազգային առաքելութիւն. ՀԲԸ Միութիւնը», «Պատմութիւն ՌԱԿ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակի», «Սփիւռքը եւ հայրենիքը», «Փլուզում եւ վերածնունդ», «Անմարմին սէր» եւ ուրիշներ։

Անդրէասեան մահացած է 3 Յուլիս 1996-ին, Լաս Վեկաս։ Անոր աճիւններէն մաս մը 1997-ին յանձնուած է հայրենի հողին։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ