Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ. MELKONIAN GLOBAL OVERTURE (MGO)

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին  առիթով տեղի ունեցաւ աշխարհասփիւռ Մելգոնեանցիներու հաւաք մը Կիպրոսի մէջ, 14-22 Յուլիս, 2016-ին, արժանավայել շուքով տօնախմբելու համար ազգային անզուգական բարերարներ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներուն թողած աւանդը: Բոլոր այն Մելգոնեանցի նախկին սաները, որոնք մասնակից էին այդ աննախընթաց հաւաքին, վերապրեցան իրենց աշակերտական օրերու հի՜ն ու քաղցր յուշերը: Անոնք այցելեցին Մելգոնեանի իրենց երբեմնի դասարանները, ննջարանները, խաղավայրերը եւ այլ յիշատակելի վայրերը: Խոնարհեցան անմահ բարերարներու դամբանին առջեւ՝ երախտագիտութեան իրենց  տուրքը մատուցելու, եւ ուխտեցին վառ պահել Մելգոնեանի երազը իրենց հոգիներուն մէջ:

            Մելգոնեանցի բազմաթիւ սերունդներ մինչեւ այսօր տակաւին ամուր կը պահեն Մելգոնեանի աւանդը իրենց սիրտերուն մէջ, եւ անոր փակումէն ե՛տք իսկ Մելգոնեանը կը շարունակէ ապրիլ անոնց հոգիներուն մէջ: 90-ամեակի տօնախմբութիւններու յաջող ու փառաւոր աւարտը յայտնաբերեց այն ներուժը, որ կրնայ համախմբել Մելգոնեանցիները եւ կազմել համաշխարհային կառոյց մը, շարունակելու համար բարերար եղբայրներուն ազնիւ գործը: 

            Եւ ահա  ա՛յդ մտասեւեռումէն մղուած՝ խումբ մը նուիրեալ Մելգոնեանցիներ Լոս Անճելըսի մէջ սկսան յառաջ տանիլ նոր շարժում մը` Melkonian Global Overture (MGO) անուան տակ: Այս նախաձեռնութեան առաջին հրապարակային ներկայացումը կատարուեցաւ 15 Յունուար, 2017-ին, Մելգոնեան Բարերարներուն նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման առիթով, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Կիրակոս սրահին մէջ, ուր ներկայ էին աւելի քան երկու հարիւր Մելգոնեանցիներ ու բարեկամներ:  Հոգեճաշին յաջորդող հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որու եզրափակիչ մասին մէջ հրամցուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր անցեալ ամրան մելգոնեանցիներու համախմբումը Կիպրոսի մէջ, Մելգոնեան Հաստատութեան 90-ամեակի տօնախմբութեան առիթով: Տեսաերիզը պատրաստուած էր Արսինէ Շիրվանեանի նախաձեռնութեամբ, որ մղիչ ուժն ու գլխաւոր կազմակերպիչն էր Կիպրոսի մէջ կայացած համախմբումին: Նկարներու ցուցադրութեան յաջորդեց Արսինէին ձայնագրուած պատգամը: Իր խօսքին մէջ ան կը բացատրէր “Melkonian Global Overture” նախաձեռնութեան հիմնական նպատակները եւ զանոնք իրագործելու հնարաւորութիւնները:

            Այս նախաձեռնութեան (MGO) գլխաւոր նպատակն է սատարել հայ ինքնութեան ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման՝ սփիւռքահայ ներկայ իրականութեան մէջ, ուր տարուէ տարի ականատես կը դառնանք մեր մայրենի լեզուի նահանջին, տոհմային արժէքներու տակաւ անհետացման եւ մեր ազգային գոյապայքարի տկարացման: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնն  է սփիւռքի հայկական գաղութներու վերաշխուժացումը, վերականգնումը եւ բարգաւաճումը: Այդ ուղղութեամբ մենք պատրաստ ենք գործակցելու այն անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք կը բաժնեն մեր տեսակէտները, եւ կ՚աշխատին նպաստաւոր պայմաններ ստեղծել սփիւռքի հայկական համայնքներուն տնտեսական, մշակութային, ընկերային եւ կրթական յառաջդիմութեան համար: 

            “Melkonian Global Overture”-ին անմիջական ծրագիրներէն մէկն է կազմակերպել ուխտագնացութիւն մը դէպի Երուսաղէմ, 20-27 Յուլիս, 2017-ին: Մասնակիցները առիթը պիտի ունենան այցելելու Քրիստոնէութեան օրրանը հանդիսացող այս քաղաքին պատմական սրբավայրերը: Անոնք պիտի տեսնեն մա՛նաւանդ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը եւ ծանօթանան անոր հայ բնակիչներուն ու անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Պիտի այցելեն հայոց բազմադարեան պատրիարքարանը՝ իր դարաւոր հարուստ ժառանգութեամբ: Պիտի հանդիպին Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տէր Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին ու վայելեն անոր հիւրընկալութիւնը: Անոնք առիթը պիտի ունենան նաեւ այցելելու  Սուրբ Գրային պատմական վայրերը, ինչպէս՝ Յիսուս  Քրիստոսի ծննդավայր Բեթղեհէմը, Մեռեալ ծովը, Գալիլիոյ լիճը, Յորդանան գետը եւ այլ տեսարժան վայրեր:

            Երուսաղէմի շրջապտոյտին եւ յետագային կազմակերպուելիք ա՛յլ պտոյտներուն ու միջոցառումներուն գլխաւոր նպատակն է ծանօթանալ սփիւռքահայ համայնքներու իրավիճակին, պայմաններուն ու կարիքներուն: Ասիկա առիթ կու տայ մշակելու ծրագիրներ, որոնք կրնան ծառայել վերաշխուժացնելու հայկական համայնքներուն կեանքը, եւ պահպանելու մեր մշակութային հարստութիւնը: Վերոյիշեալ ձեռնարկներէն ու նուիրատուութիւններէն գոյացած հասոյթով պիտի հաստատուի  մասնաւոր հիմնադրամ մը, կրթաթոշակներ յատկացնելու՝ արժանաւոր հայ աշակերտներու համալսարանական ուսման:

            Համաշխարհայնացումի այս դարուն, եթէ իսկապէս կը հաւատանք հայ ինքնութեան գոյատեւման եւ մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ապա պէտք է պայքարինք կանգուն պահելու մեր դպրոցները, պատրաստելու համար նո՛ր սերունդներ, եւ անոնց փոխանցելու այն ջահը՝ որ մենք ստացանք մեր անզուգական Մելգոնեան բարերար եղբայրներէն եւ մեր նուիրեալ դաստիարակներէն:

Մայիս, 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ