Մեծն Բրիտանիոյ ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ Մայիս 22-ի երեկոյեան Մանչեսթըր քաղաքի մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնը իրականացած է մահապարտ ահաբեկիչի կողմէ։
Աշխարհն ամբողջ դատապարտեց անարգ ոճիրը, որուն զոհ գնաց 22 հոգի եւ 60 վիրաւոր։ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութիւնը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը։ Ձերբակալուած է 23-ամեայ երիտասարդ մը որպէս կասկածեալ։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին։
Ամերիկացի երգչուհի Արիանա Կրանտէի համերգէն անմիջապէս ետք երկու պայթիւն որոտացած էր, ստեղծելով խուճապ եւ մեծաթիւ զոհեր։ Դժբախտաբար զոհերուն մէջ մեծ է թիւը երեխաներու եւ երիտասարդներու։