Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԻՐԱՆ.- Իրանի գործող նախագահ Հասան Ռոհանին յաղթած է Մայիս 19-ի նախագահական ընտրութիւններուն, ստանալով ձայներուն 59 առ հարիւրը։

ԱՄՆ.- Սպիտակ Տունը կ՚առաջարկէ 54 միլիառ տոլարով աւելցնել Փենթակոնի պիւտճէն 2018-ին, հասցնելով 639 միլիառի, որ 10 տոկոս աւելի է ընթացիկ տարուանէն։

Իրաք.- Իսլամական պետութիւն կազմակերպութիւնը, իրաքեան բանակի ճնշումին տակ, իր կեդրոնը տեղափոխած է Մոսուլէն 100 մղոն հեռու գտնուող Հավիճա քաղաքը, Քերքուկի արեւմուտքն է։

ԹՈՒՐՔԻԱ.- Անքարա պաշտօնապէս երկարաձգեց արտակարգ դրութիւնը երկրէն ներս, որ հաստատուած էր 2016-ի ամրան յեղաշրջումի փորձէն ետք։ Նախագահ Էրտողան ըսած է, որ պիտի պահեն արտակարգ դրութիւնը այնքան ատեն, որ երկրին մէջ չէ վերականգնուած խաղաղութիւնը եւ բարեկեցութիւնը։

ԱՄՆ.- Միացեալ Նահանգներ պիտի դադրեցնէ կամ կրճատէ նիւթական անհատոյց օգնութեան տրամադրումը Ուքրանիոյ, Վիէթնամին, Քոլոմպիոյ, Լիբանանին, Փաքիստանին, Թունուզին եւ Ֆիլիփինին։ Ընդհանուր առմամբ, խօսքը մէկ միլիառ տոլարի մասին է։ Կրճատումները չեն վերաբերիր Իսրայէլին՝ 3,1 միլիառ, Յորդանանին՝ 350 միլիոն եւ Եգիպտոսին՝ 1,3 միլիառ տոլար։

ԱՄԷ.- Նախագահ Թրամփի աղջկան՝ Իվանքա Թրամփին պատկանող Ձեռնարկատէր կանանց հիմնադրամը Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կառավարութիւններէն պիտի ստանայ հարիւր միլիոն տոլար, Մերձաւոր Արեւելքի կանանց օգնելու համար։

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ