Ճարտարապետական յուշարձաններով լի այս բարձրադիրք քաղաքը ունի իր յատուկ տեղը Արցախ աշխարհի տարածքին մէջ։ Հոն կը գտնուին շէնքեր ու կառոյցներ, որոնք եղած են մշակութային եւ ճարտարապետական հարստութիւնները մեր ժողովուրդին։ Հոն ծնունդ առած են Լէօ, Մարաջախտ Բաղրամեան, Գարեգին Ա. Կաթողիկոս Յովսէփեանց, Մուրացան, Բ. Աշխարհամարտի հերոս Նելսոն Ստեփանեան, Զօր. Դանիէլ Փիրումեան եւ ուրիշ արժանաւոր հայեր։
Շուշին իր բնական դիրքով ունի ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն յատկապէս Վարանդա գաւառի հայոց համար, որոնք անցեալին քաղաքը վերածած էին անառիկ ամրոցի՝ պաշտպանուելու բարբարոսներու յարձակումներուն դէմ։
Շուշիի պատմական յուշարձաններէն կարելի է յիշատակել Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ մայր տաճարը (կառուցուած 1868-1887 տարիներուն), ինչպէս նաեւ երեք Ս. Աստուածածին անունը կրող եկեղեցիներ՝ Կուսանաց (1816), Ագուլեցոց (1822) եւ Մեղրեցոց (1838)։
Շուշին իբրեւ միջին դարու կարեւոր բերդ-ամրոց յիշատակուած է զանազան մատեաններու մէջ՝ իբրեւ Շուշի բերդ կամ Քարագլուխ։
18-րդ դարուն Շուշիի բնակչութիւնը ի վիճակի եղաւ բազմաթիւ անգամներ դիմադրելու Օսմանեան բանակին, շնորհիւ շրջանի մելիքութեան կողմէ 1724-ին կառուցուած բերդապարիսպին։
18-րդ դարու կիսուն Վարանդայի մելիքութիւնը, ներառեալ Շուշին, անարդարօրէն կ՚անցնի Մելիք Շահնազարի ձեռքը։ Այս պարագան զայրոյթ կը պատճառէ Ղարաբաղի միւս չորս մելիքութիւններուն, մանաւանդ որ Շահնազար բարեկամութիւն կը հաստատէ Դաշտային Ղարաբաղ կամ Գանձակի թափառիկ թաթար ցեղախումբերու պետ Փանահ Խանի հետ եւ 1752-ին անոր կը յանձնէ Շուշիի ամրոցը, որ կը դառնայ Փանահի նստատեղին եւ կ՚անուանուի Փանահապատ։ Նոյն այս շրջանին Փանահ բարեկամական յարաբերութիւն կը մշակէ Օսմանեան կայսրութեան հետ, որ կը սկսի Արցախը գրաւելու իր ախորժակը սրել, բայց քանի որ նոյնպիսի ախորժակ ունէին պարսիկները՝ կը կասեցուի Օսմանեան յառաջխաղացքը։
Մասնաւորապէս 1780-1790 տասնամեակին Շուշին կը դառնայ Անդրկովկասի ամենակարեւոր ռազմաքաղաքական կեդրոններէն մէկը, միշտ յաջողապէս դիմադրելով իր վրայ գործուած յարձակումներուն։
Միայն 1795-ին էր որ բերդաքաղաքը անձնատուր պիտի ըլլար նախայարձակի մը՝ պարսիկ Աղա Մեհմէտ Խան Ղաճարի, որ կը ծրագրէր գրաւել ամբողջ Անդրկովկասը եւ ռուսական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար կարիքը կը զգար Շուշին ունենալու իր հակակշիռին տակ։
1805-ին ռուս-պարսկական համաձայնագիրը կը տնօրինէ որ Արցախ դրուի ռուսական հակակշիռի տակ եւ ռուս զինուորական ջոկատներ մուտք կը գործեն Շուշի։
Երկու տասնամեակ ետք, 1826-ի ամրան, պարսից զօրքերը վերջին փորձ մը կը կատարեն Ապպաս Միրզայի գլխաւորութեամբ գրաւելու Շուշին, բայց ի զուր։
1828-ին երբ Կովկասը կը դառնայ ռուսական տիրոյթ, արցախահայութիւնն ու Շուշի քաղաքը պատեհութիւնը կը գտնեն լծուելու կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան։ Կը սկսի զարթօնքի շրջան մը։ Կը կառուցուին վարժարաններ, որոնց թիւը դարասկիզբին կը հասնի 20-ի։ Կը հիմնուին տպարաններ ու կը հրատարակուին թերթեր՝ «Հայկական Աշխարհ», «Կռունկ», «Ազգագրական Հանդէս», «Փայլակ», «Ծիածան», «Ղարաբաղի Սուրհանդակ» եւայլն։
Ասոնց կողքին, Շուշին կ՚ունենայ գրադարաններ ու թատերասրահ մը, որուն գործունէութեան կ՚ըսուի թէ իրենց մասնակցութիւնը բերած են Պռոշեան եւ Վ. Փափազեան։
Շուշի նաեւ կը դառնայ վաճառականական կարեւոր կեդրոն։ Անոր մերձակայքը կը հաստատուին գործարաններ, արհեստանոցներ ու վաճառատուներ։ Հոն արտադրուած կօշիկները կը հասնին մինչեւ Ռուսաստանի հիւսիսային քաղաքները։
Շուշին իր ազգային բեղուն կեանքով եւ հաճելի կլիմայով դարուս սկզբնաւորութեան կովկասահայութեան համար կը դառնայ օդափոխութեան փնտռուած վայր։
Բերդաքաղաքային բնակչութիւնը դարասկիզբէն կը հաշուէր շուրջ 25,000 հայութիւն, բայց Խոսրով պէկ Սուլթանովի նշանակումէն ետք ստեղծուած անապահով կացութիւնը առիթ կը դառնայ որ ազերիներ շուրջ 30,000 հայեր կոտորեն հոն։ Իսկ 1923-ին,Ստալինի տխրահռչակ դաւով Շուշին կը դրուի բոլորովին ազերի տիրապետութեան տակ եւ Խորհրդային իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան քաղաքի հայութեան թիւը կը տարուբերի 2000-2400-ի միջեւ։
***
1988-ի Փետրուարի վերջերուն, մինչ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ թափ կ՚առնէր արցախեան պահանջատիրական պայքարը, Շուշիի մէջ ազերիներ տեղահան կ՚ընեն 2000-ի շուրջ հայ բնակչութիւնը եւ բերդաքաղաքը կ՚օգտագործեն 7 մղոն անդին գտնուող Ստեփանակերտը ռմբակոծելու նպատակով։
1990-ի Յունուար 26-ին Խորհրդային իշխանութիւններու որոշումով, Պաքուի ծանօթ ջարդերէն ետք Արցախ կ՚ուղարկուի Զօր. Սաֆոնովը, որ ազերիներու հետ կը հաստատէ սերտ կապեր։ Ազերի օմոնականները անարգել տեղահան կ՚ընեն եւ ամէն տեսակի նեղութեան կը մատնեն Շահումեանի եւ դաշտային Գանձակի հայերը։ Սաֆոնով տակաւին կը կարգադրէ, որ Ստեփանակերտի հաղորդակցական միջոցները անջատուին արտաքին աշխարհի հետ եւ օմոնականները իրենց ռազմագիտական բացառիկ դիրքը օգտագործելով, կը դառնան պատուհասը շրջանի հայութեան։
Կացութիւնը այսպէս կը շարունակուի մինչեւ 1992-ի սկիզբը։ Այդ տարուան Յունուար 6-ին արցախցիներ կ՚ընտրեն իրենց խորհրդարանը՝ 33-ամեայ Արթուր Մկրտչեանի նախագահութեամբ, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը՝ Օլեկ Եսայեանի վարչապետութեամբ։ Իսկ Փետրուարէն Ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին հերոս արցախցիներ կ՚ազատագրեն ազերիներու կողմէ բռնագրաւուած հողատարածքները եւ փախուստի կը մատնեն օմոնականները։ Կը մնայ վերջին պարտականութիւն մը՝ ազատագրումը Շուշիի, որուն բարձունքէն ազերիները կը շարունակէին մահացու հարուածներ հասցնել հայոց։ Արցախցիներու աննկուն համքը կը յաղթահարէ այդ պատնէշն ալ եւ 1992-ի Մայիս 8-ին անակնկալի բերելով թշնամին, Արցախի քաջամարտիկները կ՚ազատագրեն զայն ու Մայիս 10-ին հոնկէ կը հեռացնեն վերջին ազերին՝ Ստեփանակերտի բնակիչները ընդմիշտ փրկելով ազերի ռմբակոծումներէն։
Յաջորդ օրն իսկ Արցախի քաջարի առաջնորդը՝ Պարգեւ Եպս. Մարտիրոսեան, կը պատարագէ Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցիին մէջ եւ տեղահան շուշեցիներ կը սկսին վերադառնալ իրենց բոյները։
Շուշիի ազատագրումէն ետք արցախեան ջոկատները պիտի վնասազերծէին նաեւ Լիսագորի բարձունքները եւ Մայիս 17-ին մաքրագործէին Լաչինի անցքը՝ բանալով Արցախ-Հայաստան միարար ուղին, որ կ՚երկարի Գորիսէն մինչեւ Ստեփանակերտ։
Շուշիի ազատագրումը մեր արդի պատմութեան կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն է, որ հնարաւոր դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջական գործակցութեամբ։