ՀԲԸ Միութեան Ասպետներու Համախմբումին նախաձեռնութեամբ, ու Վեթերաններու վարչութեան օժանդակութեամբ, միասնաբար կազմակերպուած էր դասախօսութիւն մը, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Աղաճանեան սրահին մէջ, Հինգշաբթի, Մայիս 11-ի երեկոյեան։ Հանրածանօթ պատմաբան Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան ներկայացուց Միջին Ասիոյ հայկական համայնքները։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց վեթերաններու վարչութենէն Պրն. Յակոբ Մարտիրոսեան։ Անիկա հանգամանօրէն ներկայացուց օրուան վաստակաշատ բանախօսը։ Փրոֆ. Ռ. Յովհաննիսեան եղած է երկար տարիներու դասախօս երեք համալսարաններու, յատկապէս՝ UCLA-ի մէջ։ Անիկա հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութեանց, որոնցմէ յիշատակենք «The Republic of Armenia» (4 հատոր), «The Armenian Genocide» (5 հատոր), եւ այլ 16 աշխատասիրութիւններ։ Այս վերջին շարքէն «Armenian Communities of Asia Minor» եւ «Armenian Communities of Northern Mediterranean» կազմեցին օրուան դասախօսութեան առանցքը։
Ատենէ մը իվեր Դոկտ. Ռ. Յովհաննիսեան ձեռնարկած է ներկայացնելու հանրութեան, Փոքր Ասիոյ հայկական համայնքները, Օսմանեան կայսրութեան, թրքական հանրապետութեան ժամանակաշրջաններուն եւ անոնցմէ առաջ։ Անիկա ծաւալուն հատորներու շարք մը հրատարակած է արդէն անոնց մասին։ Մէկէ աւելի անգամներ, կարծէք ուխտագնացութեան գացած է Թուրքիա, Պատմական Հայաստան, շրջելով ու նկարահանելով հայաբնակ գիւղաքաղաքներ, աւաններ՝ իրենց եկեղեցիներով, վանքերով, բերդերով, վարժարաններով ու բնակարաններով։ Ասոնցմէ շատերը կը գտնուին լքուած ու կիսակործան վիճակի մէջ, իսկ ոմանք վերածուած են մզկիթներու, թանգարաններու, եւլն.։ Փրոֆ. Ռ. Յովհաննիսեան, պատառի վրայ, իւրաքանչիւր լուսապատկերի հետ, սահունօրէն եւ հաճելի բացատրողական տեղեկութիւններ հայթայթեց, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Տեսաերիզի վրայ, ասոնցմէ մեր աչքին առջեւէն տողանցեցին Իզմիրը, Պարտիզակը, Ատաբազարը, Քէօթահիան, Աֆիոն-Գարահիսարը, Գոնիան, Արմաշը, Պուրսան, Կեսարիան, Թալասը, Թոմարզան, Խարբերդը, Վանը, Էվերէկ-Ֆենեսէն, Տէօրթ-Եոլը, Մուսա Տաղը, Քեսապը, եւլն., իրենց գեղատեսիլ բնակավայրերով։ Հաճելի էր ու սրահին մէջ աշխուժութիւն յառաջացուց համշէնահայերու հետ հանդիպումը։
Պոլսոյ «Արազ» հրատարակչատունը թրքերէնի պիտի թարգմանէ ներկայացուած հատորները եւ այլ գործեր։
Յեռնարկի աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան Տիկնանց վարչականներու կողմէ, ճաշակաւոր կերպով պատրաստուած, ճոխ սեղանի տեսակաւոր քաղցրաւենիով, չոր խմորեղէններով, պտուղով ու սուրճով։
Մինչ այդ, ներկաներէն փափաքողներ – աւելի քան երկոտասնեակ անձեր – գնեցին դասախօսութեան նիւթը շօշափող հատորներէն, մակագրել տալով հեղինակին։
Դասախօսութիւնը անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեց մանաւանդ այլազան հայրենակցական միութեանց անդամներուն, Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի վերի կարգերէն խումբ մը սաներու, ինչպէս նաեւ մնացեալ հանդիսութեան։
Կորուսեալ, յիշողութեանց մէջ աղօտած, կամ նոյնիսկ մոռցուած հայկական երբեմնի օճախները պահ մը մարմին առին, ու թերեւս նպաստեցին պահանջատիրական մեր իրաւունքներու հետապնդումին։
ԹՂԹԱԿԻՑ