Պոլսոյ Պատրիարքարանէն կը հաղորդեն, որ Պատրիարքական Աթոռի տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պէքճեան Հինգշաբթի օր կը ժամանէ Իսթանպուլ գալով Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքէն: Նոյն օրը Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է, որ ան կատարէ իր երդումը: Կիրակի օր Գարեգին Սրբազան պիտի մեկնի Հայաստան, Ս. Էջմիածնի մէջ մասնակցելու համար Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, գլխաւորութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Ապա դարձեալ՝ Քէօլն, որմէ ետք Իսթանպուլ, գործնականօրէն անցնելով Տեղապահի իր պաշտօնին: