Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

95-ամեակ. Յաւերժ փա՜ռք «Նոր Օր»ի խմբագիրներուն. ՆՈՒՊԱՐ ԱԿԻՇԵԱՆ

1934-1994

 

Գրող, հրապարակագիր եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլի երկարամեայ աշխատակից Ընկ. Նուպար Ակիշեան ծնած է 1934ին՝ Հալէպ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ։ Կանուխէն սկսած է աշխատակցիլ սփիւռքահայ մամուլին, գրութիւններ ստորագրելով «Հայ Միտք»ի եւ «Արեւ»ի մէջ։ ՀԲԸՄի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վեցամեայ շրջանը աւարտելէ ետք, 1956ին կը հրաւիրուի «Արեւ»ի գործակից խմբագիրի պաշտօնին։ 1957ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր մասնագիտացած է բնագիտութեան մէջ։

Աշխատակցած է «Պայքար», «Արեւ» եւ «Զարթօնք» թերթերուն, «Շիրակ» գրական եւ արուեստներու հանդէսին։

1978էն մինչեւ իր մահը մաս կազմած է «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրական կազմին եւ մամլոյ դիւանին, յաճախ գլխաւորելով խմբագրական կազմերը եւ կատարելով խմբագիրի պաշտօնը՝ 1981-1986։

Հրատարակած է հետեւեալ հատորները. «Հոսանքն ի վեր», «Անարգուած մարդիկ», «Շահան Շահնուր», «Գաղթականները», «Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան», «Օտար անցորդը»,  «Մարդը հողին վրայ», «Երբ դաշտերը կը մեռնին», «Մեծերէն տասը», «Փախուստը», «Վերադարձը»։

Նուպար Ակիշեան 1990ին արժանացած է ԹՄՄ «Ռիթա եւ Վարդգէս Պալեան» մամլոյ մրցանակին։

***

Ընկեր Նուպար Ակիշեան իր «Մեծերէն տասը» հատորով, պիտի մնայ ռամկավար-ազատական այն գաղափարախօսը, որ մեզի կտակեց ՌԱԿի տասը ղեկավարներու «դիմաքանդակներ», սկսելով Միհրան Տամատեանով եւ հասնելով Գերսամ Ահարոնեան։ 1989ին «Նոր Օր»ի մէջ որպէս յօդուածաշարք լոյս տեսած այդ էջերուն ընդմէջէն կը տողանցեն նաեւ Արմենակ Եկարեանը, Արշակ Չօպանեանը, Արտակ Դարբինեանը, Վահան Թէքէեանը, Պետրոս Տեփոյեանը, Հրաչ Երուանդը, Էօժէն Բաբազեանը եւ Յովհաննէս Պօղոսեանը։

 Նուպար Ակիշեան գաղափարապաշտ ու հայրենասէր հայը իր աչքերը փակեց հազիւ վաթսուն գարուններ բոլորած՝ 1994ին, Ֆրեզնոյի մէջ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ