Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Անքարա այցելութեան ընթացքին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլը չէ կրցած համաձայնութեան գալ, որ Պունտեսթակի պատգամաւորները կարենան անսահմանափակ եւ ազատ այցելել Թուրքիոյ տարածքին ծառայող գերմանացի զինուորականներուն։ Կապրիէլ իր դժգոհութիւնը յայտնած է եւ նշած, որ գերմանացիները դուրս պիտի գան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն։

ՄԱԿ. ՄԱԿի անվտանգութեան խորհուրդը նոր պատժամիջոցներ նշանակած է Հիւսիսային Քորէայի դէմ։ Պատճառը այն է, որ Փհենիանը կը շարունակէ հրթիռներու արձակումը։ Նոր պատժամիջոցներու շարքին են 14 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձեր։ Անոնց մուտքը այլ երկիրներ պիտի արգիլուի, իսկ օտարերկրեայ ֆինանսական հաշիւները պիտի սառեցուին։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Իսթանպուլի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը քննելով Հրանդ Տինքի գործով նոր մեղադրական եզրակացութիւնը, կասկածելիներու շարքին դասած է յիսուն հոգի, որոնց շարքին՝ կրօնական գործիչ Ֆեթհուլա Կիւլէնը, նախկին դատախազ Զաքարիա Օզը եւ «Զաման» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էքրէմ Տումանլին։

ԻՐԼԱՆՏԱ. Լէօ Վարատքար, որ ծագումով հնդիկ է եւ 2015ին յայտարարած էր իր ոչ աւանդական սեռական կողմնորոշման մասին, պիտի դառնայ Իրլանտայի վարչապետ։ 38ամեայ քաղաքական գործիչը մինչ այդ կը գլխաւորէր ընկերային ապահովութեան գրասենեակը։ Անոր հայրը ծնած է Հնդկաստան։

ԻՐԱՆ. Յունիս 3ին հզօր պայթիւն մը որոտացած է Շիրազ քաղաքի առեւտրական մէկ կեդրոնին մէջ։ Տուժած է շուրջ քառասուն հոգի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ