Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Armenian Sign Language յաւելուածը՝ յաղթող Սիլիքոն Հովիտի մրցոյթին

2017ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին։ Կարբիի դպրոցի “One Step Ahead” խումբը կրթութեան բաժնին մէջ խլած է առաջնութիւնը “Armenian Sign Language” յաւելուածով։ Խումբը Օգոստոսին պիտի մասնակցի Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն Հովիտին մէջ կայանալիք համաշխարհային գագաթաժողովին եւ պիտի ստանայ իր մրցանակը։ Վերոյիշեալ հայկական խումբը միջազգային կիսաեզրափակիչին մրցելով աշխարհի 27 երկիրներէ 99 խումբերու դէմ, պարզապէս լաւագոյնն էր։

Հայաստանի դպրոցներէն ներս այս տարի այս ծրագիրին համար պատրաստուեցան 10էն 18 տարեկան աշակերտուհիներ։ Անոնք հետեւեցան եռամսեայ ծրագիրի, բացայայտեցին ընկերային խնդիր մը եւ անոր համար պատրաստեցին յաւելուած մը (App)։ Ընդհանրապէս շուրջ 11,000 աշակերտուհի մասնակցած է աւելի քան 100 երկիրներէ։ Հայաստանէն՝ 214 աշակերտուհի, 36 խումբ։

Technovation Armenia ծրագիրը իրականացաւ «Կանայք եւ տեղեկատուական հասարակութիւնը» կազմակերպութեան նախագահ Նարինէ Աբազեանի ջանքերով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ