ՄԱԿ հրապարակած է 2016ին Ռուսիոյ կողմէ տարբեր երկիրներու մատակարարած սպառազինութեան ցանկը, որուն համաձայն, Հայաստանին տրուած է 300 միաւոր դիւրակիր զենիթահրթիռային համալիր։
2017ի Ապրիլին, Հայաստանի զինուած ուժերու հակա-օդային պաշտպանութեան զօրքերու պետի տեղակալ, գնդապետ Արթուր Պօղոսեան յայտարարած էր, որ 2016ի ապրիլեան պատերազմէն ետք հայկական ուժերը համալրուած են «Վերպա» դիւրակիր զենիթային համալիրով։