Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՆԱԹՕ եւ Հայաստան կը քննեն Աֆղանիստանի մէջ հայ զինուորներուն վիճակը

Հայաստան եւ ՆԱԹՕ գերազանց համագործակցութիւն ունին բազմաթիւ ուղղութիւններով, Յունիս 12ին Երեւանի մէջ ըսած է Հարաւային Կովկասի  եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանին, Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղապահ հայ զինուորներու դերին համար, նշելով, որ կը սպասուի, որ Աֆղանիստանի մէջ հայ խաղաղապահներու թիւը բարձրանայ։

Ափաթուրայ հայ լրագրողներու յայտնած է նաեւ, թէ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հետ քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ։ ՆԱԹՕի անդամ երկիրները սրտանց կ՚ողջունեն Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը, աւելցուցած է Ճէյմս Ափաթուրայ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ