Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի տարեկան գործունէութեան տեղեկագիր 2016-2017

Մասնաճիւղի վարչական անդամներն էին՝

Վաչէ Սեմերճեան               ատենապետ

Բարսեղ Գարթալեան         փոխ ատենապետ

Անի Գարթալեան                ատենադպիր

Վահան Ոսկեան                  գանձապահ

Լիլիթ Քէհէեան                    խորհրդարան

Կարօ Այալթըն                     խորհրդարան

Տիգրան Էքիզեան                խորհրդարան

Մելօ Էքիզեան                      խորհրդարան

Սօսի Սեմերճեան                խորհրդարան

Մինաս Գոճայեան              խորհրդարան

Նազիկ Գոճայեան               խորհրդարան

Մարալ Ոսկեան                   խորհրդարան

Վարչութիւնը ունեցաւ 15 վարչական ժողովներ եւ մշակութային հետեւեալ ձեռնարկները.

1. Տարեկան անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 3, 2016 կէսօրին, Վահան եւ Մարալ Ոսկեաններու բնակարանը, Նորթրիճ, ատենապետութեամբ Վաչէ Սեմերճեանի եւ ատենադպրութեամբ տիկին Հայկուհի Փաթափութեանի։ Ներկայ էին 39 անդամներ։ Տեղի ունեցաւ վարչութեան գործունէութեան եւ ելեւմտական տեղեկագրերու քննարկում եւ վաւերացում։

2. Հրապարակային հանդիսութիւն «Ցեղին ցաւի, ցեղին ոյժի» գրագէտները։ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին մաս կազմող այս յոյժ կարեւոր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 28, 2016ին ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։ Հանդիսավար՝ Բարսեղ Գարթալեան։

Օրուան բանախօսն էր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։ Ասմունքով եւ ընթերցանութեամբ ելոյթ ունեցան Լորա Գույումճեան (Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ), Մելօ Էքիզեան (Ռուբէն Սեւակ) Լիլիթ Քէհէեան (Ռուբէն Զարդարեան, Թլկատինցի), Ռոզալին Մատոյեան (Սիամանթօ), Հրաչ Սեփեթճեան (Երուխան)։

Երաժշտական բաժնին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ալպէրթ Վարդանեան (շուի եւ տուտուկ), Սալբի Մայիլեան (երգ), Լիլիթ Խոճայեան (քանոն)։

Հանդիսութիւնը ապրիլեան խորհուրդի վայել բարձրորակ կատարում մըն էր։ Եօթը նահատակ գրագէտներուն մեծադիր լուսանկարները պատրաստուած եւ ցուցադրուած էին շնորհիւ Տիգրան Էքիզեանի ճաշակաւոր մտայղացումին։

3. Յուշահանդէս-գինեձօն Յարութիւն Մաթեանի (1930-2015) «Պարգեւին օրերուն» բանաստեղծութեանց հատորի լոյս ընծայումին առիթով։ Ելոյթ ունեցան Սարգիս Վահագն (Մաթեանի վաստակը), Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան (Մաթեան մարդը), արուեստագէտ Վազգէն Մաթեան (գիրքին մասին)։ Հանդիսավար՝ Լիլիթ Քէհէեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յուլիս 31, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

4. Հրապարակային հանդիսութիւն «Սրբազան Պապին Հայաստան այցելութեան պատմական արժէքը» նիւթին շուրջ։ Դասախօս Դոկտ. Տէր Զաւէն Աւագ Քահանայ Արզումանեան։ Հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան։ Տեղի ունեցաւ այցելութեան ժապաւէնի ցուցադրութիւն։

Ձեռնարկը կայացաւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

5. Հրապարակային հանդիսութիւն։ Նիւթ «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 90ամեակի հանդիսութիւնները»։ Խօսք առին հանդիսութեան ներկայ գտնուող Մինաս Գոճայեան եւ Գէորգ Յակոբեան։ Ցուցադրուեցաւ հանդիսութեանց վիտէօ-ժապաւէնը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ գործակցութեամբ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Շրջանաւարտներու Միութեան, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

6. Հրապարակային գնահատանք Գերսամ Ահարոնեան-100 (1916-2016)։ Խօսք առին Գերսամ Ահարոնեանի երբեմնի ուսանողներ Արփի Սիմոնեան, Սիւզի Պահատրեան, Արա Ահարոնեան, Վաչէ Սեմերճեան։ Հանդիսավար Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան։ Գեղարուեստական յայտագրի ընթացքին, Տիգրան Էքիզեանի կարգադրութեամբ՝ լսուեցաւ Գերսամ Ահարոնեանի ձայնը, հատուած մը՝ վերցուած Ցեղասպանութեան տարեդարձի մը բանախօսութենէն։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 13, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

7. Նկարչական ցուցահանդէս արուեստագիտուհի Սուզան Յակոբեանի իւղանկար գործերուն։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2016, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա եւ շարունակուեցաւ Հինգշաբթի, 17 եւ Ուրբաթ, 18 Նոյեմբերին, նոյն վայրին մէջ։

8. Հրապարակային գնահատանք Վահրամ Մավեանի ծննդեան 90ամեակին առիթով (1926-1983)։ Խօսք առին Մելօ Էքիզեան, Կարօ Այալթըն, Վաչէ Սեմերճեան։ Գրաւոր սրտի խօսքեր ուղարկած էին Պենոն Սեւան (Կիպրոս), Վարդան Թաշճեան (Կիպրոս), Գէորգ Մալիքեան (Լոնտոն), որոնցմէ հատուածներ կարդաց հանդիսավար Բարսեղ Գարթալեան։ Տպաւորիչ էր լսել Մավեանի ձայնով բանաստեղծութեանց ընթերցումը։

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 27, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

9. Երաժշտական բացառիկ յայտագիր

Harmony Chamber Orchestra ղեկավար երիտասարդ տաղանդաւոր խմբավար Թալին Գույումճեան, մասնակցութեամբ 18 երիտասարդ երաժիշտներու։ Բարձրորակ յայտագրով այս բացառիկ ձեռնարկը տեղի  ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 4, 2016, երեկոյեան, ՀԲԸ Միութեան Աղաճանեան սրահին մէջ, Քանոկա Փարք, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հոծ թիւով ներկաներուն մօտ։ Մուտքի նուէրն էր 25 տոլար։

Ձեռնարկը միասնաբար կազմակերպած էին ԹՄՄի Լոս Անճելըսի եւ ՀԲԸ Միութեան Հովիտի մասնաճիւղերը։

Գնահատելով պէտք է արձանագրել Օրդ. Լորա Գույումճեանի յղացումն ու նշանակելի սատարը այս հոյակապ ձեռնարկի յաջողութեան։

10. Հրապարակային ձեռնարկ. նիւթ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան գործունէութիւնները սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։ Զեկուցողն էր ԹՄՄի Կեդրոնական Վարչութեան վարիչ-քարտուղար Արամ Արքուն։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9, 2016, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

11. Հրապարակային ներկայացում գրող Սարգիս Վահագնի նոր հրատարակած «Ծաղկաքաղ պատմութիւններու» հատորին։ Գիրքը հրատարակութիւնն է Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան։ Խօսք առին Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան ատենապետ Հենրիկ Անասեան եւ Վաչէ Սեմերճեան։ Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան Շուշան Յակոբեան (դաշնամուր) եւ Ռուբէն Աղէեան (ջութակ), Մելօ Էքիզեան (ընթերցում)։

Հրատարակուած գրքին բովանդակութեան մասին հեղինակին հետ հարցազրոյցը վարեց Լիլիթ Քէհէեան։

Աւարտին, հեղինակը իր նոր հրատարակուած գիրքէն օրինակներ մակագրեց գրասէրներուն։ Հանդիսավար՝ Բարսեղ Գարթալեան։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017 երեկոյեան, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, Կլենտէյլ։

Առ ի տեղեկութիւն, յիշենք նաեւ, որ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակչականէն այս տարի (2016) լոյս տեսաւ նաեւ երկրորդ հատոր մը «Սիրոյ պրիսմակ», հեղինակ Գէորգ Կարապետեան (Ռինօ, Նեվատա)։

12. Մտքերու փոխանակման հրապարակային երեկոյ, նուիրուած գրականագէտ, հրապարակախօս Ստեփան Թոփճեանի վերջերս հրատարակուած «Կարիճի Տարի» հատորին։ Գիրքը ներկայացուց հեղինակը, որմէ ետք պատասխանեց հանդիսավար Լիլիթ Քէհէեանի եւ ներկաներուն հարցերուն։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 30, 2017, երեկոյեան, ԹՄՄի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ, Փասատինա։

***

Տարեկան մեր տեղեկագիրը լրիւ եղած պիտի չըլլար եթէ մեր գնահատանքը յայտնած չըլլայինք սիրայօժար իրենց աջակցութեան համար Կարօ Այալթընին, որ մեր թղթատարական եւ հրաւիրատոմսերու առաքումներուն անուն-հասցէապիտակներ կը պատրաստէ ու կը սրբագրէ տարիներէ իվեր եւ Արա Ահարոնեանին, որ կանոնաւորապէս մեր ձեռնարկներու թղթակցութիւնները կը պատրաստէ եւ կը հասցնէ ամերիկահայ մամուլին, լուսանկարներով միասին, առ ի հրատարակութիւն եւ բոլոր անոնց որոնք կամաւորապէս իրենց օժանդակութիւնը կը բերեն մասնաճիւղիս գործունէութեան մէջ։ Շնորհակալութիւն բոլորին։

 

Անի Գարթալեան                            Վաչէ Սեմերճեան

Ատենադպիր                                    Ատենապետ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ