Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Դոկտ. Դաւիթ Պապայանի Հետ

Արցախի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դոկտ. Դաւիթ Պապայեան, ընկերակցութեամբ Արցախի Մշակոյթի եւ կրթական փոխ նախարար Լեռնիկ Յովհաննէսեանի, աշխատանքային այցով Ա.Մ.Ն. կը գտնուին:  Ա.Մ.Ն.-ի արեւելեան նահանգեր քանի մը օր մնալով անոնք խիստ շահեկան հանդիպումներ ունեցան Ա.Մ.Ն. պետական ղեկավարներու եւ գոնկրեսականներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:

Յիշենք Թէ Դոկտ. Պապայեան Միացիալ Նահանգներ հրաւիրուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախուբին կողմէ:  Ան պիտի պարգեւատրուի Ազատութիան մրցանակով:

Հինգշաբթի Սեպեմբեր 22, 2022 կ.ե. ժամը 5:00 ին Արցախի արտաքին գործեց նախարարը Լոս Անճելըս ժամանեց:  Նոյն երեկոյեան ժամը 7:00 ին մեր հիւրերը հանդիպում մը ունեցան Ռ.Ա.Կ.-Ի կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեան պատուիրակութեան մը հետ: Դոկտ. Պապայեանին կընկերանար Արցախի կրթութեան եւ մշակոյթի փոխ նախարար  Լեռնիկ Յովհաննէսեան եւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ուաշինկթընի Ռոպերթ Աւետիսեան:

Մօտ երկու ժամ տեւող հանդիպումին, քննարկուեցան Արցախի ներկայ վիճակը, Կովկասի մէջ մեծ պետութիւններու շահերու բախումները եւ ինքնավար Արցախի ապագայի հարցը:

«Չէք կրնար երեւակայել, թէ որքան օրհասական եւ ճակատագրական օրերու մէջ է մեր Արցախը:  Եթէ գալիք քանի մը տարիներուն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի

տասը միլիոն հաշուող հայութիւնը  չհամախմբուի եւ ծրագրուած աշխատանք չտանի շատ դժուարին օրեր պիտի գան մեզի» ըսաւ Դոկտ. Պապայեան:  «Մեր կոչը եւ խնդրանքն է որ գալիք քանի մը տարիներուն ողջ հայութեան ուշքը եւ միտքը կեդրոնանայ Արցախի վրայ, միասնաբար մէկ սիրտով եւ ոգիով  նպաստելու համար Արցախի ինքնիշխանութեան աշխատանքին», եզրակացուց Դոկտ. Պապայեան:

Լոս Անճելըսի մէջ Դոկտ. Պապայեան բազմաթիւ հանդիպումներ եւ դասախօսութիւններ պիտի ունենայ:  Ձեռնարկներու թուականին եւ վայրերուն մասին, հետեւիլ Լոս Անճելըսի հայ մամուլին եւ հեռատեսիլի լուրերուն:

                                                                      ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ