Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրերու Օրուան Առիթով. ԴՊՐԱՑ ԴԱՍԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԱՀԱՊԵՏԸ` Հպարտ Կոմիտասականը

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

 

 

            Ճշդապահօրէն ամէն Կիրակի հո՛ն է  Պարոն Տիգրանը – իր ժպտուն ու հեզահամբոյր ներկայութեամբ, Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ դպրաց դասի միւս անդամներուն հետ եկեղեցւոյ վերնատան մէջ հաւաքուած:

            Պարտաճանաչութեան տիպարն է ան: Ինը տասնամեակները շալակին՝ փոխանակ կքելու կրկնապատկուած կորովով, հաւատարմութեամբ ու պարտաճանաչօրէն փարած է ան Հայ Եկեղեցւոյ: Կարծէք իր կեանքին իմաստը գտած է՝ ամէն Կիրակի մեր հոգեզմայլ շարականներով լիցքաւորուելու եւ իր ձայնն ալ միախառնելու երկինք բարձրացող մեր ժողովուրդի աղօթքներուն:

Զարմանքով կը հետեւինք իր իմաստուն եւ ժպիտով լի հաճոյալի զրոյցին ընդմէջէն իր կեանքի վերիվայրումներուն:  Համալսարանի մէջ Թուաբանութեան ուսուցիչ հօր մը եւ հրաշալի մօր շունչին տակ մեծցած Պարոն Տիգրան երկար ու հետաքրքրական կեանքի պատմութիւն մը ունի:  Կեանք մը՝ որ հարուստ է ճակատագրին եւ պարագաներուն պարտադրած երկրէ-երկիր իր ճամբորդութիւններով:

            Հայրը՝ Վահրամ (ծնեալ 1887ին) եւ Մայրը՝ Մէրին Մարիամ (1888ին) երկուքն ալ պոլսեցի՝ ամուսնացած էին 1912ին:  1907ին Ռոպէրթ Քոլէճէն շրջանաւարտ  հայրը լումայափոխութեամբ միաժամանակ նոյն համալսարանին մէջ ուուցչութիւն ընելով ապրուստ կ՚ապահովէր իր ընտանիքին: Այդ մարզին մէջ ըլլալով ծանօթութիւն ունէր իր յաճախորդներէն ամերիկացի դասախօսներուն հետ նաեւ բարձրաստիճան մարդոց: Այդ կապերուն շնորհիւ կը զգայ մօտալուտ վտանգը եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը իր դուռը բախելէ առաջ  կը յաջողի հեռանալ Պոլսէն:

1919ին կ՚որոշէ ընտանեօք արտասահման գաղթել:  Նախ Լոնտոն կ՚երթան եւ ապա կը հաստատուին Նիւ Եորք:

Ահա հոն՝ Նիւ Եորքի մէջ է, որ 1920 Մարտ  9ին, կ՚ողջունեն իրենց զաւկին՝ Տիգրանին ծնունդ-մուտքը այս աշխարհէն ներս: Ամերիկացի քաղաքացի ըլլալով մէկտեղ, ծնողքը թրքահպատակութիւնը կ՚որոշէ պահպանել: Միշտ սորվելու ընդոծին նկարագրով Տիգրանին հայրը՝ Վահրամ Նիւ Եորքի մէջ կը հետեւի «Փալմըր Մէթոտ»  հաստատութենէն ներս գեղագրութեան դասընթացքներուն: Պոլիս վերադառնալէ ետք ալ կը շարունակէ (55 տարի) ուսուցչական պաշտօնը Ռոպէրթ Քոլէճէն ներս որպէս Թուաբանութեան ուսուցիչ, միաժամանակ՝  իր գեղեցիկ ձեռագրով փնտռուած գեղագիրն էր ան, մասնաւորաբար պաշտօնական փաստաթուղթերու պատրաստութեան համար:

Փոքրիկն Տիգրան իր ընտանիքին հետ Նիւ Եորքէն Պոլիս կը վերադառնայ, երբ հազիւ երկու տարեկան էր: Ուսումը կը ստանայ Օրթագիւղի Թարգմանչաց Վարժարանին մէջ: Յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր Հայերէն լեզուի ուսուցչուհին՝ վանեցի Օրդ. Համասփիւռ Մերզիխանեանը:  Կը յիշէ, թէ ինչպէս բծախնդիր էր Օրդ. Համասփիւռը իր դասապահերուն նկատմամբ, որ միշտ ճաշի դադարէն ետք կու գար: Մանաւանդ, որ Հայէրէնի դասին կը յաջորդէր Թուրքիոյ պատմութեան դասը: Վա՛յ որ յաջորդ դասի քննութեան պատրաստուելու մտահոգութեամբ իր դասապահէն գողնալ փորձէին եւ քննութեան «վրայէն անցնելու»  փորձ ընէին: Ո՜վ կը համարձակէր զիջիլ Հայերէն դասապահը Թուրք պատմութեան դասին:

Պարոն Տիգրանին Պոլսոյ մէջ անոր կեանքին պատանեկան օրերէն մնացած նշանակալից դրուագներէն մին է իր հօր՝ Պարոն Վահրամին Աթաթուրքին պաշտօնական ստորագրութեան պատրաստութիւնը:

Այո՛, Տիգրանին հայրը՝ Պարոն Վահրամն է հեղինակը Թուրք Հանրապետութեան «Հայր» կոչուած Աթաթուրքին ստորագրութեան: Սակայն, այդ փորձառութիւնը օրին ահաւոր սարսափի ապրումներու պատճառ դարձած էր փոքրիկն Տիգրանին եւ իր ամբողջ ընտանիքին համար, երբ գիշերով երկու ոստիկան իրենց Պոլսոյ տան դուռը կը զարնեն: Մայրը ահ ու դողով հօրը կը հարցնէ թէ ի՞նչ պատահած է, վերջապէս հասկնալու համար, թէ Աթաթուրք իր պաշտօնական ստորագրութիւնը պատրաստելու համար հինգ տարբերակ կը պահանջէ  ունենալ նոյն գիշերն իսկ, որպէսզի առաւօտուն կարենան հասցնել մայրաքաղաք Անքարա՝ Թուրքիոյ նախագահին: Անշուշտ, Պարոն Վահրամին գեղեցիկ ձեռագիր ունենալու համբաւը հասած էր նախագահին պալատը՝ իր աշակերտներուն միջոցաւ: Պարոն Վահրամին ամբողջ գիշերուան մը մղձաւանջը  կ՚աւարտի՝ առաւօտուն հինգ օրինակ ներկայացնելով առաւօտ կանուխէն իր դուռը զարնող ոստիկաններուն, եւ ի վերջոյ շնորհակալական նամակ մը ստանալու՝ նոյնինքն նախագահէն:

            Պարոն Տիգրանին ընտանիքին տագնապալի այդ մէկ գիշերը, պատմական իրողութիւն ըլլալով հանդերձ, տասնամեակներ շարունակ լռութեան վարագոյրի ետին կը մնար: Ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ որ ՀԱՅ մը՝ կեավուր մը, ըլլայ հեղինակը այդ մեծ մարդուն ստորագրութեան… 

            2000ի սկիզբներուն յանկարծ լուսարձակի տակ կը սկսի առնուիլ ճշմարտութիւնը,  երբ արխիւներէն կը բացայայտուի հեղինակին ՀԱՅ ըլլալը: Այո՛, Թուրքիոյ Հայր ճանչցուած Աթաթուրքին նշանաւոր ստորագրութեան հեղինակը հայազգի թուաբանութեան ուսուցիչ եւ գեղագիր Վահրամ Չըրչեանն էր: Թերթերով մէկ… անգլիատառ եւ թրքատառ «Հիւրիյէթ»էն մինչեւ հայերէն «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Տիար Ռոպէր Հատտէճեան հարցազրոյցներ կը վարեն Պարոն Տիգրանին հետ հաստատելու համար պատմական այս իրողութիւնը:

Պարոն Տիգրան Պոլսոյ մէջ կ՚ամուսնանայ 1949ին պոլսահայ Անժէլին հետ եւ կը բախտաւորուին  երկու մանչ զաւակներով՝ Ռաֆֆի եւ Շանթ: 1958-ին  Նիւ Եորքի մէջ  US-ROYAL International  Միջազգային Քաուչուկի ընկերութեան պատասխանատու պաշտօնով Միջին Արեւելքի բաժինը կը յանձնուի իրեն:  Ինը տարի ետք 1967ին կը ղրկուի Պէյրութ՝ այս անգամ որպէս ներկայացուցիչ Միջին-Արեւելեան երկիրներու, ներառեալ Եգիպտոսէն մինչեւ Թանզանիա:

1967-1970ին կը նշանակուի Պէյրութի մէջ Միջին Արեւելքի,– արաբական եւ հիւսիսային Ափրիկէի թիւով 18 երկիրներու,– քաուչուկի գործերուն Միջազգային գրասենեակին ընդհանուր պատասխանատու: 1970ին կրկին Պոլիս կը ղրկուի եւ կը նշանակուի նոյն ընկերութեան որպէս Մարքէթինկ Մէնէյճեր- Marketing Manager:  Երկու տարի ետք չորս տարի ալ Պոլսոյ մէջ Ընկերութեան Ընդհանուր Տնօրէնութիւնը կը վարէ:

Այդ տարիներուն, Պարոն Տիգրանին երկու զաւակները կը յաճախեն Պէյրութի  American Community School – ARAMCOի պաշտօնեաներու զաւակներուն համար կառուցուած յատուկ վարժարան մը, ուրկէ աւարտողը դիւրութեամբ կ՚ընդունուէր Միացեալ Նահանգներու ամենալաւ համալսարաններէն ներս:

             Պարոն Տիգրան 1990ին վերջնականապէս ընտանիքին հետ կ՚որոշէ Նիւ Եորք հաստատուիլ:

 

***

            Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքը իմաստաւորող նոր շրջան մըն է որ կը սկսի Պարոն Տիգրանին համար: Եկեղեցասիրութիւնը բոյն հաստատած է Պարոն Տիգրանին հոգիէն ներս հինգ տարեկանէն սկսեալ: Մինչեւ այսօր կը յիշէ կիրակնօրեայ «շապիկ հագնիլները»  Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիէն ներս, մանաւանդ այդ ծանր ձեռագործներով բեռնաւորուած շապիկները, որ պէտք էր հագուէին տարին անգամ մը Գազազ Ամիրային յիշատակի օրուան արարողութեան համար:

            Նիւ Եորք հաստատուելէն ետք ալ կը շարունակէ իր կապը Կոմիտաս երգչախումբին հետ: Ուրարակիր դպիր կը ձեռնադրուի Մամբրէ Սրբազանին ձեռամբ: Իսկ հոգելոյս Տ. Վարդան Քհնյ. Մկրեանին հետ խորանին կը սպասարկէ ինը տարի:

            Հպարտութեամբ կը յիշէ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց Հայց. Եկեղեցւոյ օծումին, եւ մանաւանդ Առաջին Պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերելուն, որպէս ԿՈՄԻՏԱՍ երգչախումբի անդամ:  Եկեղեցւոյ առաջին ելոյթ եւ օծումը տեղի կ՚ունենայ Իսահակ Աբրահամեան առաջին խմբավարի ճպոտին ներքոյ:  Միացեալ Նահանգներու զանազան քաղաքներու մէջ ելոյթներով Կոմիտաս երգչախումբը սիրուած ու փնտռուած խումբ մը կը հանդիսանայ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին:

1960-1961 տարեշրջանին Նիւ Եորքի Թաուն Հոլին մէջ 80  հոգիով իրենց ելոյթը պատմական երեւոյթ մըն էր այս համայնքէն ներս: Խումբին բոլոր անդամներն ալ կամաւորներ էին եւ կը շարունակեն հաւատարմօրէն ծառայել առանց նիւթական վարձատրութեան ակնկալութեան: Այս օրերու սերնդափոխութեամբ Կոմիտաս երգչախումբին անդամներուն թիւը նուազած է, հակառակ անոր, որ դարձած են երկսեռ եւ մանաւանդ՝ աւելի երիտասարդ ուժեր ալ սկսած են հետաքրքրուիլ:

Ներկայիս Կոմիտաս Երգչախումբին խմբավարն է Քրիս Գալֆայեան, որուն հետ Պարոն Տիգրանը կը մնայ որպէս ամէնէն հին եւ երէց անդամը խումբին: Պարոն Տիգրան մեծ խանդավառութեամբ կը յայտարարէ, թէ Կոմիտաս երգչախումբին հիմնադրութեան 60ամեակը պիտի նշուի յառաջիկայ 2018ի Ծաղկազարդին:

            Պարոն Տիգրան նաեւ հաւատարիմ անդամներէն է Սբ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Երէցներու խումբին, որոնք ամէն Երեքշաբթի կը հանդիպին Գալուստեան սրահին մէջ:

Տարիներու ընթացքին երեքով կը մասնակցէին օրուան, իր սիրեցեալ տիկնոջ՝ Անժէլին եւ զաւկին՝ Շանթին հետ: Սակայն ցաւօք սրտի իր կեանքի ընկերը, Տիկին Անժէլը կը կորսնցնէ Մարտ 25, 2013ին:  Կեանքի ընկերոջ կորուստէն ետք, առանց ընկրկելու եւ կեանքի հանդէպ իր փիլիսոփայութիւնը առանց փոխելու Պարոն Տիգրան կը շարունակէ հաւատարմօրէն ծառայել Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Դպրաց դասին եւ Կոմիտասին:

Յատկանշական երեւոյթ է նաեւ յիշել, թէ ամէն Երեքշաբթի, Երէցներու ճաշի դադարին կը սիրէ հետեւիլ Ամէնօրեայ վարժարանին աշակերտներուն ճռուողող աղմուկին եւ մանաւանդ առիթը չի փախցներ ներկայ գտնուելու ՍՆԱՎ-ի հանդէսներուն եւ անսահման ժպիտով մը իր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կը բերէ Նիւ Եորքի միակ Ամէնօրեայ Հայ Վարժարանին:

Ուսանելի եւ օրինակելի կեանք մըն է, որ կը վարէ Պարոն Տիգրան: Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին հաւատացող Նահապետն է ան մեր համայնքէն ներս:

Ուրախ Հայրերու Օր կը մաղթենք Պարոն Տիգրան Չըրչեանին եւ մեր համայնքի բոլոր նուիրեալ հայրերուն: 

 

 Յունիս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ