Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրանսայի նախագահին կուսակցութիւնը յաղթեց խորհրդարանական ընտրութիւններուն. Չորս ֆրանսահայեր ընտրուած Ազգային Ժողովի անդամ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Յառաջ, հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, դաշնակիցներու հետ միասին մեծամասնութիւն պիտի կազմէ երկրի խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ։ Առաջին անգամ ըլլալով, չորս հայեր ընտրուած են. անոնք են՝ Ժաք Մարիլոսեան, Տանիէլ Ղազարեան, Կիյոմ Գասպարեան եւ Նատիա Էսայեան։ Նշենք, որ հինգ հայ թեկնածուներ կային եւ Փասքալ Շամմասեանը միակն է, որ չյաջողեցաւ յաղթել։

Վերջնական արդիւնքներուն համաձայն, Մաքրոնի կուսակցութիւնը 308 աթոռ պիտի ունենայ 577 հոգինոց խորհրդարանին մէջ։ Իսկ անոր դաշնակից «Դեմոկրատական Շարժում»ը պիտի ունենայ 42 աթոռ։ Ընդդիմութիւն են՝ Հանրապետականները՝ 113, Դեմոկրատներու եւ անկախներու դաշինքին հետ՝ 18։ Ընկերվարականները պիտի ունենան 29 աթոռ, ծայրայեղ ձախերը եւ կոմունիստները՝ 27։ Ծայրայեղ աջերուն բաժին հասած է ութ աթոռ։

Ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եղած է 42,6 տոկոս, որ ամենացածն է Ֆրանսայի պատմութեան մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ