Երեւանի կեդրոնին մէջ պիտի կառուցուի իր տեսակին մէջ եզակի «Հին Երեւան», որուն շինարարարութիւնը պիտի սկսի այս տարուայ աշնան, լրագրողներուն յայտնած է Քաղաքաշինական պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը։
Ան նշած է, որ յատուկ ներդրողներու միջոցով է որ պիտի կատարուին շինարարական աշխատանքները եւ հիմնական ներդրողը զուիցերաբնակ Վարդան Սրմաքէշն է։