Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծագոյն ձեռագիր մատեանին հարիւրամեայ յաղթական երթը ՄՇՈՅ ՃԱՌԸՆՏԻՐԸ Հայերէն ծանրագոյն մատեանը վկայ հայ մշակոյթի վերականգնումին

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ                                                                                                                                           

ՄՈՒՏՔ

            Ուղիղ հարիւր տարի առաջ, 1917 թուին համաշխարհային Ա. Պատերազմի արհաւիրքներէն փրկուած հայերէն բազմահազար ձեռագիրներուն մէջ ամենամեծն ու ամէնէն թանկարժէք մագաղաթեայ ձեռագիրը ՄՇՈՅ ՃԱՌԸՆՏԻՐն է, որ 1917 թուի գաղթի ժամանակ Մշոյ Առաքելոց վանքէն փախցուելով Թիֆլիս կը բերուի ու կը յանձնուի Հայ Ազգագրական Ընկերութեան։ Այդ հսկայ մատեանը ունի սակայն իր ոդիսականը, որուն միայն կէսն էր որ հասաւ Թիֆլիս, եւ երկու տարի ետքն ալ միւս կէսը հրաշքով փրկուելով վերամիացաւ իր հարազատին՝ վերականգնելով հայ մշակոյթի այդ անգտանելի կոթողը իր ամբողջութեանը մէջ։ Այսօր, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Երեւանի Մատենադարանին մէջ Մատեանը ի պահ կը մնայ 7721 համարին ներքեւ՝ ամենափոքր ձեռագիրը գրկած։

 

ՄԱՏԵԱՆԸ

            Մշոյ Ճառընտիրը կը կշռէ 28 քիլոկրամ, մագաղաթեայ թերթերու 70X55 ս.մ. չափով։ Սկիզբէն կը բաղկանար 660 մագաղաթեայ ընդարձակ թերթերէ, եւ սակայն այժմ ունի 601 թերթ։ Իսկ մնացեալներէն 17 թերթ կը մնայ Վենետիկի եւ մէկ թերթ ալ Վիեննայի Մխիթարեանց Միաբանութեան մօտ։ Աւելի ուշ, 1977¬ին, Երեւանի Մատենադարանը Մոսկուայի Լենինի անուան գրադարանէն ստացած է երկու թերթ, որոնք անջատուեր էին Մատեանէն։ Իւրաքանչիւր թերթ հորթի մը կաշի է, եւ այդ հաշուով ամբողջ ձեռագրին համար ըստ գիտնականներու հարկաւոր եղած է 607 հորթի մորթ գործածել։

            Մշոյ Ճառընտիրը, գրուած է հին հայկական երկաթագիրով, ունի բովանդակալից Յիշատակարան մը, ուր գրիչին անունը, թուականն ու վայրը նշուած են։ Վարդան Կարնեցին գրիչը այս հսկայ մատեանին, որ երեք տարի աշխատած է անոր վրայ եւ վերջացուցած 1202 թուականին՝ մեզմէ 815 տարիներ առաջ, Երզնկայի Աւագ վանքին մէջ, եւ հոն լուսանցքներու զարդերը գծուած Ստեփանոս ծաղկողէ՝ Բաբերդի տանուտէր Աստուածատուրի պատուէրով։ Ձեռագիր Մատեանը ճառերու, վարքերու եւ վկայաբանութեանց հաւաքածոյ մըն է, դասաւորուած ըստ տարուան տօներուն, որուն համար ալ ան կոչուած է նաեւ «Տօնական»։

 

ՁԵՌԱԳՐԻՆ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ          

            1204 թուականին Մատեանը կը յափշտակուի Բաբերդի թուրք դատաւորին կողմէ եւ Խլաթի մէջ կը մնայ եւ ապա կը վաճառուի Մշոյ Առաքելոց Վանքին չորս հազար (4,000) արծաթէ դրամով՝ շրջանի հայ բնակիչներուն եւ միաբաններուն միջոցներով, եւ ապահով Առաքելոց Վանքին մէջ ի պահ մնացած է մինչեւ 1917 թուականը։ Ձեռագրի յետագայի երկրորդական Յիշատակարանէն կը հասկցուի, որ գիրքը գերի տարուած է եւ մեծ վճարումով զայն ազատած են գերութենէ եւ աւելի քան 700 տարի պահուած է Առաքելոց վանքին մէջ։

            Համաշխարհային Ա. Պատերազմի օրերուն յանկարծ նկատի առած են մատեանին բացակայութիւնը իր հարազատ վանքէն, եւ վանականներ անվերադարձ կորուստ մը նկատած են թանկարժէք այդ ձեռագիրը։ Սակայն շուտով քաջարի հայ կին գաղթականներու միջամտութիւնը փարատած է խաւարը եւ ի լոյս բերած մեծահամբաւ ՃԱՌԸՆՏԻՐը։

 

ԵՐԿՈՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐ

            1917 թուի գաղթի օրերուն, երկու գաղթական կիներ կը գիշերեն Առաքելոց Վանքի կից խուցերէն մէկուն մէջ, եւ առաւօտեան կը նկատեն վանքի ներսիդին ինկած հսկայ ձեռագիր գիրք մը եւ կ՚որոշեն փրկել զայն։ Գիրքը շատ ծանր ըլլալուն երկուքի կը բաժնեն զայն, մին իրենց հետ տանելով, եւ միւսը խնամքով փաթթելով իրենց վերարկուներէն մէկուն մէջ, փոխադրել կու տան Էրզրումի մայր եկեղեցին, որուն բակին մէջ ալ կը թաղեն զայն։ Առաջին կէսը կիները Թիֆլիս կը հասցնեն ու կը յանձնեն Հայ Ազգագրական Ընկերութեան՝ միշտ ի մտի ունենալով հարազատ կիսուն «գերեզմանը», ուրկէ յարութիւն առնելով երկու տարի ետք, 1919ին, Պաքուի մէջ պաշտօնավարող լեհ սպայ մը Հայ Բարեգործական Ընկերութեան կը ծախէ անյայտ եւ անծանօթ հսկայական ձեռագիր մը, որ կը հաստատուի իբրեւ հարազատ եղբայրը Մշոյ Ճառընտիրին։ Էրզրումի եկեղեցիէն Պաքու, հրաշքով ազատած հոգեհարազատը պիտի միանար իր երկուորեակին։

 

ՃԱՌԸՆՏԻՐԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

            Այսօր, հարիւր տարի ետք, հայ ժողովուրդի մտաւոր զարգացման մեծագոյն յուշարձաններէն մին, ենթարկուելէ ետք թուրքերու հալածանքին ու կոտորածին, հրաշքով եւ հայ երկու կիներու քաջարի ջանքերով կը փրկուի առ յաւէտ՝ ի պարծանս հայ ազգին եւ Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցիին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ