Յուլիս 4ին, ատրպէյճանական բանակը Ալխանլի գիւղէն TR-107 հրթիռային կայանքէն հրետակոծած է հայկական դիրքեր, որուն որպէս պատասխան հայկական կողմը լռեցուցած է հակառակորդին կրակոցները։ Ատրպէյճան որպէս կենդանի վահան օգտագործելով իր ժողովուրդը, հարց բարձրացուցած է, թէ հայկական կողմը պատճառ եղած է երկու քաղաքացիներու մահուան։
Բնականաբար, նախայարձակը Ատրպէյճանն է, որուն տեսագրութիւնն ալ կայ որպէս ապացոյց, բայց Ատրպէյճան Թուրքիոյ հետ միասին ձայն կը բարձրացնէ, թէ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են ատրպէյճանեան Ալխանլի գիւղին մէջ։
Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան այս մասին յստակ բացատրութիւն տուած է Չորեքշաբթի օր։ Նման յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրշիք այցելած է արցախա-ատրպէյճանեան սահման եւ Ալխանլի գիւղ, քննելով իրավիճակը։
Իսկ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, թէ բացառուած չէ, որ ատրպէյճանեան կողմը ինք սպաննած ըլլայ խաղաղ բնակիչներ եւ օգտագործէ այդ հայերու դէմ։ Գիւղացիներ, երբ լքած են իրենց տուները, բանակին կամ վարձկան զինուորներու կողմէ այդ տուները թալանուած են, ինչպէս որ եղած է անցեալին Խոջալուի մէջ, եւ տարի մը առաջ՝ Ապրիլի պատերազմին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանի խօսքերով, յետագայ լարուածութիւններէ եւ կորուստներէ խուսափելու համար Ատրպէյճան պէտք է յարգէ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները։