Շաբաթ, Նոյեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահ՝ ընկեր Աւետիս Եափուճեանի

1930-2017

Ութսունվեց տարեկան հասակին, Սիտնիի մէջ, Աւստրալիա, Չորեքշաբթի, Յուլիս 5ին իր մահկանացուն կնքեց հաւատաւոր ռամկավար, հմուտ մտաւորական եւ խմբագիր ընկեր Աւետիս Եափուճեանը։

Ան ծնած էր Գահիրէ, Եգիպտոս, 1931 թուականին։ Աւարտած է Գալուստեան ազգային վարժարանը, ապա՝ լրագրութեան վկայական ստացած Լոնտոնի Մանկավարժական հիմնարկէն։ 1974ին՝ Երեւանի Պետական համալսարանը իրեն շնորհած է Պատմական գիտութիւններու դոկտորի կոչում։

Ամուսնացած է 1959ին Անժէլ Միրզայեանի հետ եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ Արեգ եւ Մարօ։

Ընկեր Եափուճեան աշխատակցած է «Նոր Օր»ին, ռամկավար եւ սփիւռքահայ մամուլին, բայց մանաւանդ Գահիրէի «Արեւ»ին, որուն օգնական խմբագիրը ըլլալէ ետք երկու տարի, 1967էն 1990 առանձինը վարած է թերթին պատասխանատու խմբագիրի պաշտօնը։

Դեկտեմբեր 1990ին հաստատուած էր Աւստրալիա եւ 1998էն մինչեւ այսօր կը վարէր խմբագրութիւնը ՀԲԸՄի «Միութիւն» ամսագրին։ Սիտնիի մէջ եղած է ՀԲԸՄի վարիչ տնօրէնը մինչեւ 1997։

Ընկեր Եափուճեան ազգային-քաղաքական եւ մշակութային աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած է Եգիպտոսի մէջ։ Պատանեկան, երիտասարդական եւ  «Հայ Գեղարուեստասիրաց»ի գործունէութիւններու մասնակից, Հայ Ազգային Հիմնադրամի վարիչ տնօրէն։

ՌԱԿին միացած է 1950 թուականին, երկար տարիներ վարելով Եգիպտոսի Շրջանային վարչութեան ատենադպիրի պաշտօնը։

Ունէր սուր ու երգիծական գրիչ, որուն արտացոլումը կը տեսնենք անոր հրապարակագրութեան մէջ։ Հեղինակ է երեսնեակ մը պատմագիտական, գրական եւ թարգմանական հատորներու։

Դոկտ. Եափուճեան արժանացած է Աւստրալիոյ, Ս. Էջմիածնի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան շքանշաններու։

«Նոր Օր» եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ռամկավար շրջանակը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ընկեր Եափուճեանի ընտանեկան պարագաներուն։ Անոր անունը անջնջելի պիտի մնայ ռամկավար եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ պատմագրութեան մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ