Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Անդրադարձ. Երկու ծայրայեղութիւններ

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

Մէկ զաւակ, թէ երկու, երեք կամ չորս, և ինչու չէ՝ աւելին: Հազար ու մէկ հաշիւներէ ետք, կ՚որոշուի, նորապսակ տիկնոջ և ամուսնոյն միջև. «Չէ՛ չորս հատ չենք կրնար, երեքն ալ դժուար է մեծցնելը, երկուքին հազիւ հասնինք, հիմա մէկ հատ բերենք, յետոյ Աստուած ողորմած է»: Զարմանալիօրէն՝ հարց տանք ասոնց, Աստուած ի՞նչ գործ ունի ձեր յարաբերութեանց մէջ: Ան ձեզի շնորհած է խելք՝ մտածելու համար, ոյժ ու կորով աշխատելու, ապրելու և ապրեցնելու համար: Եթէ չցանկաք գերագոյն ապրելակերպը ձեր կեանքին մէջ և ընդունիք համեստը, ապա ինչո՞ւ պիտի բաւականանայիք միայն մէկ կամ երկու զաւակով: Պահ մը դիտեցէք ձեր չորս դին. կան, կան շատ ու շատ ծնողներ, որոնք անդադար զաւակ կը բերեն աշխարհ, առանց այլևայլ հաշիւներու, որոնք ժամանակի ընթացքին հասակ կ՚առնեն ձեր և ձեր զաւակներուն երկիրը, ապրուստը, աշխատանքը և կեանքի ուղին գրաւելու համար:

Այս մտածելակերպը դժբախտաբար աշխարհատարած է սպիտակ ցեղին մօտ միայն:

Պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս եղած է բազմազաւակ, մինչև վերջին տասնամեակները, ուր սակաւաթիւ զաւակներով ծնողներու պատճառաբանութիւնները, իրաւացի թէ շինծու, տեղ գտած են մեր ընտանիքներուն մէջ, պատճառ դառնալով մեր ազգի աճման նուազումին:

Փաստուած իրողութիւն են ազգերու աճման սանդղակին տուեալները, ուր սպիտակազգիները, մէջն ըլլալով նաև հայը, այսօր, յետքայլի մէջ է ծնելիութեան թիւով, մինչ աշխարհի մնացեալ ազգերը կը գերադասեն զայն մեծ թիւերով, մեծ սպառնալիք դառնալով աշխարհին, և մանաւանդ՝ երկիրներու… կորուստին, նկատի ունենալով նաև մեր հայրենիքին կարգավիճակը: Անցեալ տարի հայրենիքը լքած են մօտաւորապէս 25,000 անձեր, անվերադարձ: Նախանցեալ տարիներուն յար և նման թիւերով անհատներ: Պատճառները բազմաթիւ են և սակայն իրողութիւնը կը մնայ դառն իրողութիւն: Գիւղերը կը դատարկուին անխնայ կերպով և անդադար: Իսկ եթէ այս ընթացքը շարունակուի, ողբերգական կացութեան կրնայ մատնուիլ հայրենիքը: Մտածել և գործնական անհրաժեշտ քայլեր առնուելու են պետականօրէն՝ կանխելու համար մահասփիւռ իրականութիւնը, առանց պատճառաբանութեան:

Այսօր, աշխարհի երեսին կը տեսնենք ազգեր, որոնք տակաւին կ՚ապրին նախադարեան սովորութիւններով և կեանքով, կարծէք աշխարհէն կտրուած, տարբեր մոլորակի վրայ ապրող էակներ ըլլան: Քաղաքակրթութենէ ու տարրական զարգացումէ զուրկ ազգեր, որոնք տակաւին կ՚ապրին անասնական բնազդով, անդադար կը ծնին սերունդներ, որոնք իրենց ծնողներէն տարբեր չեն կրնար ըլլալ, իրենց ապրելակերպին, հաւատքին, սովորութիւններուն և միջավայրին համաձայն, առանց դոյզն ճիգը թափելու զարգացման և յառաջդիմութեան: Ընդհանրապէս՝ այս տեսակի ազգեր ծնունդ կու տան փողոցայիններու, ստահակներու, գողերու, աւազակներու, ոճրագործներու և այլ անպէտք արարածներու, որոնք բնաւ օգուտ չունին հասարակութեան և աշխարհի ժողովուրդներուն: Անոնք պարզապէս տզրուկներ են:

Բնաւ հանդիպած, լսած կամ տեսա՞ծ էք նոր հնարքի մը կամ գիւտի մը մասին, որուն հեղինակը եղած է այդ դասակարգին պատկանող էակ մը անցեալի 2000 տարիներու ընթացքին: Վառ օրինակ են հայրենիքի հարևան երկիրներ և աշխարհի երեսին  յար ու նման  ազգաբնակչութիւններ, որոնք տակաւին կը ցանկան հուրի ու սուրի ոյժով տէր ու տիրական դառնալ ուրիշի հողին ու ջուրին: Ատրպէյճանը վկայ:

Բնաւ լսուա՞ծ է գիւտարարի մը անունը այս ազգի զաւակներուն մէջ, առանց նկատի առնելու այն բոլոր ընդօրինակութիւններն ու սեփականացումները, արհեստական և արուեստական աշխարհէն: Նման պետութիւններ, սնած ու ապրած են զարգացած երկիրներու արդիւնաբերութեամբ, անոնց շուքին ներքև, շնորհիւ իրենց բնական հարստութիւններուն շահագործումով կամ՝ վարած ճարպիկ և ճկուն քաղաքականութեամբ: Իսկ այսօր, ասոնք, յանուն ժողովրդավարութեան, սեռային խտրականութեան արգելքին, մարդկային գութին, և… համաշխարհայնացումի «բարի» կոչերուն, արդէն կը խուժեն Եւրոպա և Ամերիկա, պարզապէս… սնելու և օգտուելու համար այդ ժողովուրդներու բարիքներէն, առանց դոյզն իսկ մէ՛կ օգտակարութիւն ունենալու այդ երկրին:

Այս բոլորին կողքին, կան նաև՝ անաղմուկ, անձայն  գալարող տիրապետութեան արշաւանքներ, որոնք կ՚իրականացուին զանազան ազգերու կողմէ, Եւրոպայի տարբեր երկիրներու և Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Անոնք զանգուածային ներգաղթերն են, որոնք պատուհասը կը դառնան իրենց հասած երկրին:

Դառնալով մեր իրականութեան, ժամանակին, մեր նախնիները կ՚ըսէին՝ «նորածին երեխան բախտը հետը կը բերէ»:

Այս առածին հաւատացող կա՞յ այսօր, հայ ժողովուրդ:

Առանց պատճառաբանութեան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ