Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանանը, լիբանանահայութիւնը, սփիւռքը փառաւորապէս նշեց ՀԱԳի վաստակաշատ տնօրէն, սերունդներու դաստիարակ, հայ ժողովուրդի անվերադարձ նուիրեալ ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ

 

Լիբանանի ՌԱԿի պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթը 5 Յունիս 2017ին 8 էջերու վրայ տարածուած յատուկ ներդիրով մը անդրադարձած էր Հայ Աւետ. Գոլէճի վաստակաշատ տնօրէն՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տնօրէնութեան 50ամեայ յոբելենական հանդիսութեան։ Այս թիւով, կը ներկայացնենք հանդիսութեան թղթակցութիւնն ու Զաւէն Մսըրլեանի սրտի խօսքը, միացնելով շնորհաւորական մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները յոբելեարին։

Մսըլեան ծնած է Պէյրութ, 1938ին։ Մասնագիտութեամբ՝ պատմաբան։ Կոչումով՝ կրթական մշակ։ Ղեկավար անուն՝ լիբանանահայ կեանքէն ներս։ Հեղինակ՝ մեծարժէք պատմական հատորներու եւ ուսումնասիրութիւններու։ Խմբագրական կազմի անդամ՝ անցեալին «Շիրակ» եւ ներկայիս «Կամար» գրական-մշակութային հանդէսներու։ Ջատագով եւ պաշտպան Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման։ Բացառիկ անձնաւորութիւն եւ «քալող հանրագիտարան»։

«Նոր Օր»

 

 

Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ընտրանին, պետական երեսփոխաններ, քաղաքական, ազգային, եկեղեցական եւ կրթական ականաւոր գործիչներ ու մշակներ, զանգուածային լրատուութեան ներկայացուցիչներ, նախկին աշակերտներ եւ ուսանողներ Հայ Աւետարանական Գոլէճի վաստակաշատ Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի 50ամեայ տնօրէնութեան ուղիին հետեւորդներ եւ հիացողներ ներկայ էին Հայ Աւետարանական Գոլէճի շրջափակը տեղի ունեցած աննախընթաց երեւոյթի մը… Լիբանանի հայ բեղուն գրող, պատմաբան, կրթական մշակ, սերունդներու դաստիարակ Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի 50ամեայ (1967-2017թթ.) տնօրէնութիւնը արժանապէս պատուելու, մեծարելու հանդիսութեան:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Հայ Աւետարանական Գոլէճի հոգաբարձութեան, տեղի ունեցաւ ՀԱԳ-ի «Անցնող յիսուն տարին» վաւերագրական ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը, Շաբաթ 27 Մայիս 2017ի երեկոյեան ժամը 6:00ին, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ։

Ապա, երեկոյեան ժամը 8:00ին, Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի (Հայ Աւետարանական Գոլէճի փոխ տնօրէն) բացման խօսքով սկիզբ դրուեցաւ յիշարժան հանդիսութեան։

Դոկտ. Իւրնէշլեան ըսաւ. «Վայրը որ մեզ կը մէկտեղէ այսօր խորհրդանշական է։ Եկեղեցի, դպրոց, համալսարան։ Երեք հաստատութիւններ, որոնք մարդ արարածի հոգեկան եւ մտային լիակատար կազմաւորումին հիմնական դարբնոցները կը հանդիսանան։ Անոնք իրար լրացնող եւ իրարմով ամբողջացող կառոյցներ են։

Շէնքերը կը դադրին քար ու ապակի ըլլալէ, երբ հոգի կը ստանան։ Շէնքերուն ոգեկանութիւն կը հաղորդեն մարդիկ։ Բայց ո՛չ սովորական մարդիկ։ Այլ անհատներ, որոնք նախեւառաջ իրե՛նք կրողն են հոգեկան եւ մտաւորական բարձրագոյն արժէքներու, տեսիլքի, յանձնառութեան եւ նուիրումի։ Ահա այն ատեն է որ շէնքերը կալուածային իրենց սակագինէն վեր ու վեհ՝ նորովի արժեւորումի կ’ենթարկուին։

Այսօր հաւաքուած ենք պատուելու այդպիսի անձ մը, որ 57 տարիէ իվեր կը գտնուի պատնէշի վրայ եւ յիսուն տարիէ՝ ղեկավար դիրքի վրայ՝ գաղութային մեր կեանքի ամենապատասխանատու մէկ պաշտօնին գլուխը։

Մեր այստեղ գտնուելուն առիթը եթէ անձ մըն է՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճի յիսուն տարիներու տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը, ապա մեզ այստեղ բերած մղիչ ուժերը՝ երախտիքն ու յարգանքն են, որոնցմով կը սկսինք եւ որոնցմով պիտի ընթանայ ամբողջ երեկոն»։

Ապա, վաւերագրական ֆիլմ-ներկայացում «763» (պատրաստութեամբ Լեւոն Պապիկեանի եւ Ճորճ Մկրտիչեանի), որ կը պատմէր Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի կեանքի ու բազմաբեւեռ գործունէութեան մասին՝ շեշտը դնելով իր տնօրէնութեան 50ամեայ տարիներուն, խաղաղ ու երջանիկ տարիներուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւերիչ օրերուն, իր եղբօր եւ այլ նշանաւոր դէմքերու վկայութիւնները Դոկտ. Զաւէն Մ. Մսըրլեանի մասին։

ՀԱԳի քառեակի կատարողութեամբ՝ Կարին Հայտոսթեան, Մեղրի Պաղտոյեան եւ Արազ Տէմիրճեան (ջութակ) եւ գեղ. ղեկավար եւ դաշնակահար Կարօ Աւեսեանի գլխաւորութեամբ երաժշտական ընդմիջման ընթացքին ներկայացուեցաւ Շուպերթի «Սերենատ»ը եւ Տ. Մանսուրեանի հռչակաւոր «Կտոր մը երկինք»ը։

Ապա ներկայացումի հետեւեալ խօսքով Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան բեմ հրաւիրեց օրուայ բանախօսը. «Պատիւ է ինծի համար ձեզի ներկայացնել մեր գլխաւոր բանախօսը՝ Պր. Տարօն Տէր Խաչատուրեանը, որուն մականունը զանազան կերպերով կ’արձագանգէ այս պատերէն: Հայ Աւետարանական Գոլէճի շրջանաւարտ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն իբրեւ երկրաչափ վկայուելէ եւ UCLA-էն MBA վկայականը ստանալէ ետք, հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատելով Avery Dennison հաստատութեան մէջ, դարձած է անոր փոխ-տնօրէնը, իբրեւ այդպիսին աշխատելով Միացեալ Նահանգներու, Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի զանազան քաղաքներու մէջ: Մասնագիտական աշխատանքէն բացի, Պր. Տէր Խաչատուրեան պատասխանատու պաշտօններ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ»:

ՀԱԳի նախկին շրջանաւարտ Պրն. Տարօն Տէր Խաչատուրեան իր յատկանշական ու շնորհակալ խօսքը ուղղեց յոբելեարին:

Ապա, դարձեալ երաժշտական ընդմիջում, հիանալի կատարողութեամբ ՀԱԳ-ի քառեակի՝ «Գարուն Երեւան»ը Արամ Խաչատուրեանի եւ Տիմիթրի Շութոքովիչի «Վալս թիւ 2»։

Աւարտին՝ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան մեծարեալ անձնաւորութիւնը՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, որ մանրամասն պատմեց հայ դպրոցին, ժողովուրդին եւ սերունդներուն դաստիարակութեան իր 50ամեայ առաքելութեան մասին, որ իր յաղթական աւարտին հասցնելու համար երդում տուած է Մեծն Ուսուցչապետ Մեսրոպ Մաշտոցին՝ Օշականի շիրիմին առջեւ։

Որոտընդոստ ծափերով եւ յոտընկայս, Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան վար իջաւ բեմահարթակէն՝ քիչ ետք հոն հրաւիրուելու Վեր. Հրայր Չօլաքեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ խօսքը:

Ձեռնարկը թագադրուեցաւ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի օրուայ յատուկ շքանշան-վահանակով պարգեւատրումով ձեռամբ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի, որ իր աղօթքով փակեց այս նշանակալից հանդիսութիւնը:

Բուռն ծափողջոյններով՝ պաշտօնապէս յոբելենական հանդիսութիւնը փակուեցաւ եւ

կողքին, լուսաշող պատուանդանի առաջ, իր 50-ամեայ առաքելութիւնը յաջողապէս աւարտին հասցուցած տնօրէնը, հայրենասէրը, մէկ խօսքով՝ հայ ժողովուրդին նուիրեալը, ստացաւ իր ստացած մեծագոյն շքանշանը, բազմահարիւր ներկաներուն սէրն ու գնահատանքը, շնորհաւորութիւնները։

 

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ