Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Երգի եւ երաժշտութեան վաստակաւոր գործիչ՝ Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 80ամեակը

Կիրակի, Յունիս 25, 2017, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի John Wayne հանդիսասրահին մէջ, մեծաշուք ձեռնարկով մը եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Լոս Անճելըսի հայութիւնը մեծագոյն սիրով նշեց հայ երգի եւ երաժշտութեան մեծանուն գործիչ, 200է աւելի երգերու եւ երաժշտական կտորներու հեղինակ, խմբավար, «Սիփան» երգչախումբի հիմնադիր եւ 38 տարիներու ղեկավար՝ Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 80 եւ հայ երգի ու երաժշտութեան վաստակի 60ամեակները:

Բազմատաղանդ այս արուեստագէտը, հայ երգի եւ երաժշտութեան աստուածատուր շնորհքէն բացի, գրական բացառիկ շնորհներով օժտուած գրող է, հրապարակագիր է, գիրքերու հեղինակ է եւ Քալիֆորնիոյ Հայ Գրողներու Միութեան արժանընտիր նախագահն է: Այդ երեկոյ ներկաները եկած էին մեծարելու միայն հայ երգի եւ երաժշտութեան անխոնջ գործիչը, իսկ մենք, վստահ ենք, որ ապագային նման ձեռնարկով մը եւս պիտի գնահատուի նաեւ Հենրիկ Անասեան շնորհալի գրողը:

Հենրիկ Անասեան ոչ միայն պաշտելու աստիճան կը սիրէ եւ կապուած է հայ երգին եւ երաժշտութեան, այլ նաեւ միջազգային երգին ու երաժշտութեան խորիմաց արուեստագէտ մըն է, միջազգային երգին ու երաժշտութեան ովկիանոսի մէջ լողացող կէտ ձուկ մըն է: Այնուհանդերձ, մեր մեծարեալը հաւատարիմ մնաց իր «Փոքր Ածուի» երգին եւ երաժշտութեան եւ 60 տարի շարունակ ծառայեց մեր ժողովուրդի արուեստին:

Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին ՀՀ Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեան, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէր այս ձեռնարկը, Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Վրէժ Աղաջանեան, հոգեւոր հայրեր, կուսակցական, մշակութային եւ հասարակական միաւորներու ներկայացուցիչներ, մամուլի եւ հեռատեսիլի աշխատակիցներ:

Փառք ու հազար պատիւ մեր ժողովուրդին, որ այդ օր հակառակ տեղի ունեցած խաչաձեւող բազմաթիւ ձեռնարկներու, հոծ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ յոբելենական այս հանդիսութեան եւ գնահատեց հայ ժողովուրդի երգարուեստի ամբողջանուէր սպասարկուներ՝ Հենրիկ Անասեանի, անոր տիկնոջ, սքանչելի երգչուհի Մարիէտային, հոյակապ զաւակներուն՝ երգիչ Արամին եւ երաժշտական խումբի ղեկավար Արմէն Անասեանին, մանաւանդ «Սիփան» երգչախումբի հին եւ նոր բոլոր անդամներուն, անոնց ընկերակցող հրաշալի սիմֆոնիկ նուագախումբի արհեստավարժ անդամներուն արուեստը։

Այդ օր, Հենրիկ Անասեանին երգով եւ նուագով շնորհաւորելու եկած էին գաղութիս սիրուած եւ յարգուած անուանի երգիչ-երգչուհիներ՝ Մարալ Բարսեղեան, Անահիտ Ներսիսեան, Անահիտ Մանուկեան, Սալբի Մայիլեան, Պապին Պօղոսեան, դուդուկի մեծ վարպետ Ռուբէն Յարութիւնեան, Յարութ Ֆոդուլեան՝ հանդիսավարութեամբ, որոնք Հենրիկ Անասեանի երգերը եւ նուագները կատարելով արժանացան ներկաներուն գնահատանքին։

Կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով բարի գալուստի եւ բազմաջերմ խօսք կատարեց ծանօթ հասարակական գործիչ՝ Յակոբ Յովհաննիսեան: Ան Հենրիկ Անասեանի բազմերես ծառայութիւնը ներկայացնելէ ետք՝ ամբիոն հրաւիրեց ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսի տեղակալ՝ Վալերի Մկրտումեանը:

Հայաստանի պետական ներկայացուցիչը շատ գեղեցիկ ձեւով ներկայացուց Անասեանի 60 տարիներու երկար վաստակը, ապա Գլխաւոր հիւպատոսութեան կողմէ գնահատագիր մը յանձնեց մեծարեալին: Նմանապէս, Կլենտէյլի քաղաքապետ՝ Վարդան Կարպետեանի գնահատագիրը կարդաց Քաղաքապետական Խորհուրդի նորընտիր անդամ՝ Վրէժ Աղաջանեան: Գնահատագրեր ղրկած էին Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ հայասէր քոնկրէսական Ատամ Շիֆ: Շնորհաւորական նամակներ ղրկած էին շրջանիս հոգեւոր պետերը, մշակութային եւ հայրենակցական միութիւնները, գործարարներ եւ Հենրիկ Անասեանին մօտէն ծանօթ ընկերներ:

Յակոբ Յովհաննիսեան սիրով հրաւիրեց ծանօթ ասմունքող՝ Յարութիւն Ֆոդուլեանը, ձեռնարկը վարելու համար: Այդ օրուան յայտագիրը ամբողջութեամբ Հենրիկ Անասեանի ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնէր: Այդ գիշեր ելոյթներ ունեցան շատ շնորհալի երգիչ-երգչուհիներու հոյլ մը, ընկերակցութեամբ՝ հրաշք սիմֆոնիկ նուագախումբին:

Յայտագրին Ա. մասը ամբողջութեամբ ձեռնհասօրէն  ղեկավարեց Հենրիկ Անասեանի որդին՝ Արմէն Անասեանը:

38 տարիներ առաջ Հոլիվուտի մէջ կեանքի կոչուեցաւ «Սիփան» երգչախումբը, նախաձեռնութեամբ եւ ղեկավարութեամբ Հենրիկ Անասեանի:

«Սիփան» երգչախումբի եւ սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարումները ղեկավարեց նոյնինքն՝ Հենրիկ Անասեանը: Յօրինուած չորս երգեր սքանչելիօրէն կատարեցին «Սիփան» երգչախումբի անդամները։

Վերջաւորութեան, յանուն «Սիփան» երգչախումբի բոլոր ամդամներուն, վարչութեան բազմամեայ եւ խիստ համակրելի ատենապետ՝ Ռաֆֆի Թորոսեան յուշանուէրով մը անդամներուն շնորհակալութիւնը յայտնեց Մաէսթրոյին, անոր 38 տարիներու անխոնջ աշխատանքին համար: 

Վերջաւորութեան, երգչախումբի անդամները, բոլոր երգիչները եւ սրահը լեցնող բազմութիւնը, ընկերակցութեամբ սիմֆոնիկ նուագախումբին երգեցին «Շնորհաւոր տարեդարձ» երգը, նուիրուած օրուան մեծարեալ՝ Մաէսթրօ Հենրիկ Անասեանին:

Այդ գիշեր Կելնտէլի John Wayne սրահը, փոքրիկ Հայաստանի վերածուած էր, այնքան հայաբոյր, հայատրոփ եւ հայրենասիրական անուշահամ երգ ու խօսք հնչեցին այդ սրահէն ներս, որուն համար կարելի է ըսել որ այս ձեռնարկին ներկայ չգտնուողները իրապէս մեծ հաճոյքէ մը, սիրտերն ու հոգիները լիցքաւորող հազուագիւտ վայելքէ մը զրկուեցան:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Մաէսթրօ Հենրիկ Անասեանը, իր ծննդեան 80 եւ գործունէութեան 60ամեակներուն առիթով:

Հենրիկ Անասեան իր կենդանութեան օրով իսկ, իր գործով եւ վաստակով, արդէն իսկ անմահներու շարքին անցած է: Վարձքդ կատար, սիրելի Մաէսթրօ: Ձեզի կը մաղթենք երկար եւ կենսառողջ օրեր:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ