Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Սերժ Սարգսեան. «ԱՄՆի ներդրումը կարեւոր է Կովկասի խաղաղութեան գործում»

ԱՄՆի անկախութեան 241րդ տարեդարձին առիթով, Յուլիս 4ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւն, տեսակցած է դեսպան Ռիչըրտ Միլսի հետ եւ փոխանցած ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձը։
«Չեմ կարող չնշել Միացեալ Նահանգների՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահող երկրի ներդրման կարեւորութիւնը հարաւային Կովկասում խաղաղութեան հաստատման գործում»,- ըսած է ՀՀ նախագահը: Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատած է նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան կայացման տարիներ շարունակ ցուցաբերուող ԱՄՆի աջակցութիւնը:
Սերժ Սարգսեանը եւ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը դեսպանտան բակին մէջ ծիրանենի տնկած են՝ անկախութեան  241րդ տարեդարձին եւ հայ-ամերիկեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակին առիթով։

Դեսպանը կարեւորած է ներդրումներն ու տնտեսական կապերը, իսկ Սարգսեան շեշտած է երկխօսութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ