«Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը», որ արաբական եւ քրտական զօրքերու միաւորում է, Ռաքքա քաղաքի հին հատուածին մէջ ճեղքած է Իսլամական պետութեան պաշտպանութիւնը, կը յայտնէ Ռոյթըր գործակալութիւնը։
Գործողութեան աջակցած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ գլխաւորուած օդային ուժերը։
Իսլամական պետութեան ոչ պաշտօնական մայրաքաղաքը համարուող Ռաքքային վրայ յարձակումը սկսած էր այս տարուան Յունիսին։