Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի սրտի խօսքը
Գիտակցական կեանքս Հայ Աւետարանական Գոլէճին կապուած է 1950էն 2017։
1950ի Հոկտեմբերին ընդունուեցայ իբր 7րդ դասարանի աշակերտ, հին «հայ սքուլ»ի շէնքը, ուր 3 աշակերտ մէկ գրասեղանի վրայ կը նստէինք այդ օրերուն։ Դպրոցը աւարտեցի 1955-ի Յունիսին։ 1956ին դպրոցի Շրջանաւարտիցի վարչական ընտրուեցայ եւ ծառայեցի 11 յաջորդական տարիներ եւ կապս այդուհետեւ չընդհատուեցաւ։ 1960ի Հոկտեմբերին ընդունուեցայ ՀԱԳ, իբր մնայուն ուսուցիչ։
Բայց կրնար այդպէս չըլլալ. բացատրեմ։ 1959ի Հոկտեմբերի համար դիմում կատարած էի, բայց նոր ուսուցիչի պահանջ չըլլալով՝ մերժման գիր ստացած էի Յուլիսին։ Վերամուտին, յանկարծ, բաց մը կ’ըլլայ, տնօրէնը Շրջանաւարտիցի վարչականի մը հետ լուր կը ղրկէ, ան ալ ինծի դպրոցները բացուելէն երկու շաբաթ ետք կ’ըսէ, երբ արդէն ուշ էր…
Այդ ամբողջ տարին, MA-ի դասերուս յատկացուցի, այլուր չգործեցի եւ յաջորդ տարեշրջանէն սկսայ պաշտօնավարել Հայ Աւետ. Գոլէճէն ներս։ Կ’ըսեն, որ տարիները արագ կ՚անցնին, բայց այդ պատրանք մըն է, տարիները իրենց կշռութաւոր հոլովոյթը ունին, այսուհանդերձ, այսօրուան նման կը յիշեմ վերամուտի առաջին օրը, երբ դպրոց ժամանեցի առաւօտեան. բակը նշմարեցի պեխաւոր, լեցունկեկ անձ մը, մտովի ըսի «կ՚երեւայ ուսուցիչ մըն է, յետոյ կը ծանօթանամ ուսուցչարանին մէջ»։ Առաջին օրն իսկ, բացակայ ուսուցիչ մը կար եւ օրուան տնօրէնը՝ Պրն. Ճիզմեճեան, զիս 10րդ դասարան հսկելու ղրկեց։ Զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ուսուցիչ կարծած անձս նստած տեսայ վերջընթեր դասարանի առաջին նստարանին վրայ։
Երբ 1961ի Հոկտեմբերին Պրն. Յակոբ Գասպարեանը տնօրէն եղաւ, զիս նշանակեց դպրոցի կարգապահական յանձնախումբի ատենապետ, իսկ 1965ի Հոկտեմբերէն Յունիս 1967՝ երկրորդական բաժնի պատասխանատու։
Իր Ամերիկա մեկնումէն ետք, 17 Յուլիս 1967ին, դպրոցի հոգաբարձութիւնը զիս նշանակեց տնօրէն, երբ դպրոցին մէջ իմ աշակերտութեան օրերու ուսուցիչներէս ոմանք տակաւին կը պաշտօնավարէին։ Որոշումը անակնկալ մըն էր, բնաւ չէի սպասեր։ Պաշտօնս շարունակեցի առ այսօր, ամբողջ յիսնամեակ մը։ Տեսայ դպրոցի նախապատերազմեան լաւ օրերը, երբ աշակերտութիւնը հասաւ 796 հոգիի, տեսայ լիբանանեան պատերազմի թոհուբոհը, երբ 1975-76-ին միայն 3 շաբաթ կարելի եղաւ դասաւանդութիւն ընել։ Այդ վտանգաւոր տարին, աշխատանքի հնարաւոր 292 օրերէն 200ին գրասենեակս էի, յաճախ միայնակ։ Տեսայ պատերազմին վատթարացումը եւ անոր հետեւանք՝ աշակերտութեան թիւին նուազումը, տեսայ վտանգներով լի շատ օրեր, նաեւ՝ պատերազմին աւարտը, դպրոցին շարունակութիւնը՝ թէկուզ նուազ թիւով աշակերտներով, ականատես եղայ անոր ուսումնական, արտադպրոցական յաջողութիւններուն, հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան անխափան երթին։ Հոգեւոր մեծ բաւարարութիւն զգացի, երբ իմ տնօրէնութեանս շրջանի կամ ուսուցչութեանս օրերու աշակերտներ Ռաֆֆի Մանուկեան, Հրաչ Սիսեռեան, Վահան Զանոյեան, Յովիկ Քիւրքճեան մեծագումար նուիրատուութիւններով հասան դպրոցին օժանդակութեան՝ անոր նեղ օրերուն։ Անոնցմէ բացի, հարիւրաւոր շրջանաւարտներ եւ առանձին աշակերտներ եւս նեցուկ կանգնեցան դպրոցին, որոնց անուններու թւումը երկար ժամանակ պիտի առնէ։
Ո՛չ սկզբնական շրջանին հակառակութիւնները, ո՛չ ալ լիբանանեան պատերազմի վտանգները, ոչ իսկ շատ աւելի նպաստաւոր պայմաններով Լիբանանէն հեռու՝ արտասահման, կրթական կամ վարչական գործերու շլացնող առաջարկները չշեղեցին զիս Հայ Աւետ. Գոլէճին հանդէպ ունեցած հաւատարմութենէս եւ այն ուխտէն, որ 1970ին, Հայաստան այցիս, Օշականի մէջ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին ըրի ներքուստ, որ հաւատարիմ պիտի մնայի հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան նուիրական գործին, կոչումէս չզիջելով։ Ուրախ եմ, որ ուխտս գործադրեցի։ Հայ Աւետ. Գոլէճը դարձաւ ընտանիքս։ Վայելեցի բոլորին սէրն ու յարգանքը։ Ուրախ եմ, որ իմ ձեռամբ վկայական առին մինչեւ օրս 755 երկրորդականի շրջանաւարտներ եւ հազարէ շատ աւելի նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ընթացաւարտներ։ Հպարտ եմ իմ անցեալի թէ ներկայի աշակերտներով, ինչպէս հայր մը՝ իր զաւակներով։
Շնորհակալ եմ մեր Երկնաւոր Հօր Իր ընձեռած լայն բարիքներուն համար, շնորհակալ եմ հոգելոյս ծնողացս՝ Մկրտիչ եւ Սաթենիկ Մսըրլեաններուն եւ հանգուցեալ երէց եղբօրս՝ Դաւիթին, որոնք իրենց ողջութեան քաջալերեցին զիս, շնորհակալ եմ եւ այս հանդիսութեան համար Ամերիկայէն յատկապէս եկած սիրելի եղբօրս՝ Հայկին, իր թեւ ու թիկունքին համար։ Շնորհակալ եմ Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հովիւին ու անոր նախորդներուն, դպրոցի ընթացիկ եւ նախկին հոգաբարձութեանց,
անցեալի պատասխանատուներուն եւ ընթացիկ փոխտնօրէնին, ներկայի եւ անցեալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ծնողական, տիկնանց օժանդակ եւ տիկնանց ընկերային մարմիններուն, հին ու նոր ծնողաց, անցեալի եւ ներկայի սիրելի աշակերտներուն, իրենց յարգանքին, գործակցութեան եւ վստահութեան համար։
Շնորհակալութիւն յոբելենական հանդիսութեան հովանաւոր Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին, սոյն յոբելենական հանդիսութիւնը կազմակերպող յանձնախումբին, նախկին աշակերտներէս՝ շրջանաւարտներ օրուան գլխաւոր բանախօս Տարօն Տէր Խաչատուրեանին եւ Մաէսթրօ Կարօ Աւեսեանին եւ յայտագիրին մէջ բաժին ունեցած եւ անոր կազմակերպման մէջ դեր ունեցած ամէն մէկ անհատի։
Թէեւ այսօրուան հանդիսութիւններուն նման առիթներով շատ հնչած է, սակայն կարելի չէ խօսքս աւարտել առանց Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի հետեւեալ խօսքին.
«Հաշուեյարդար, ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, ա՛յն միայն»։
Շնորհակալութիւն բոլորիդ։