Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

«ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է». Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Համահայկական այս լուրջ մտահոգութենէն մեկնած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շուրջ հրաւիրեց աւելի քան երեսուն, սփիւռքի զանազան գաղութներէն զանազան մասնագիտութեան տէր տարբեր սեռի ու տարիքի պատկանող տարբեր փորձառութիւններ ունեցող ազգայիններ, միասնաբար մտածելու, խորհրդակցելու ու քննելու սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը, զինք շրջապատող պայմաններու ու տագնապներու դիմաց:

Այս կացութեան մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հեռու պէտք է մնալ յաճախ մակերեսային, մասնակի ու ժամանակաւոր հարցերէն ու պէտք է միասնաբար մտածենք մեր ազգը ու հայրենիքը դիմագրաւող լուրջ մարտահրաւէրներուն մասին: Սփիւռքի մէջ հայու ինքնութիւնը նահանջի մէջ է եւ հայու ինքնութիւնը պաշտպանելու կոչուած մեր կառոյցները ներկայ աշխարհի տագնապներուն դիմաց սկսած են կորսնցնել իրենց ուժականութիւնը: Այս կացութեան դիմաց չենք կրնար անտարբեր մնալ»:

Յիշեալ հաւաքը սկսաւ Երեքշաբթի եւ պիտի երկարի երեք օրերու վրայ՝ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս: Սոյն հաւաքին Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց, լայնօրէն պարզելով հայու ինքնութեան առնչուած խնդիրները եւ այս ուղղութեամբ ներկայացուց իր առաջարկները: Բացման նիստին խօսք առին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ հանրածանօթ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանէն ժամանած հինգ մտաւորականներ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ