Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿ-ի ճամբով – յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն» գիրքը ի պատուի

5 Յուլիս 2017ին, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին անդամ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի «Նուիրում ՌԱԿի ճամբով – յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն» գիրքին շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէր ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր «Զարթօնք» օրաթերթի 80ամեակին առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

Հատորը կ’ընդգրկէ Յակոբ Գասարճեանի` տարբեր տարիներու արձանագրութիւնները, նոթերը, անձնական արխիւը եւ մամուլի մէջ լոյս տեսած նիւթերը, հաւաքագրուած եւ խմբագրուած՝ բանասէր Յովիկ Էօրտէքեանի կողմէ:

Հայաստանի, Լիբանանի եւ ՌԱԿ-ի օրհներգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Ընկ. Սեւակ Յակոբեան մտերմիկ խօսքով մը ողջունեց ներկաները, յիշելով որ իրենց ներկայութեան կը պարտի «Զարթօնք»ի համար Լիբանանի սահմաններէն անդին, թէկուզ Հայրենիքի մէջ, հեռակայ կարգով ձեռնարկներ յաջողցնելու փաստը: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մշտական, անսակարկ եւ անվերապահ աջակցութեան համար:

Բացման խօսքով եկաւ «Զարթօնք» օրաթերթի երկարամեայ աշխատակից՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը:

Ապա խօսքը տրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Պրն. Սերժ Սրապիոնեանին, որ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը եւ շնորհաւորանքը ներկաներուն եւ մեծարեալին փոխանցելէ ետք անդրադարձաւ գիրքին։

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Յակոբ Անդրէասեանը (ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը տեսնել էջ 2ի վրայ – Խմբ.):

Գլխաւոր բանախօսն էր Վիգէն Խաչատրեան։ Հայրենի քաղաքական գործիչ. Հայաստանի խորհրդարանի ընտրուած անդամ երկու անգամ, 1990ին, որպէս ՀՌԱԿ-ի պատգամաւոր եւ 1995ին։  Եղած է Հայաստանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն: 1994ին հիմնած է Ռամկավար Ազատական (լիբերալ-դեմոկրատական) կուսակցութիւնը: Եղած է Լոռիի մարզպետ եւ Երեւանի փոխքաղաքապետ:

Վիգէն Խաչատրեան խորունկ վերլուծումներով ներկայացուց գիրքը: Ան նշեց, որ  «Նուիրում ՌԱԿ-ի ճամբով –  յիսնամեայ գործունէութեան արձանագրութիւն» գիրքը իւրայատուկ յուշագրութիւն է, որուն մէջ ամփոփուած է Յակոբ Գասարճեանի շուրջ կէսդարեայ ազգային-քաղաքական եւ միութենական-կուսակցական գործունէութիւնը։ Գիրքը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատմութեան մէջ։

Այնուհետեւ Ընկ. Յակոբեան խօսքը տուաւ ՀԲԸՄի hայաստանեան ներկայացուցչութեան փոխտնօրէն, ՌԱԿի Լատին Ամերիկայի «Սարդարապատ» պաշտօնաթերթի յատենի խմբագիր, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի երբեմնի վարիչ տնօրէն՝ նորատիպ գիրքին խմբագիր՝ բանասէր Ընկ. Յովիկ Էօրտէքեանին:

Ընկ. Էօրտէքեանին ներկաներուն պարզեց գիրքին պատրաստութեան վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք կատարուած էին գիրքի պատրաստութեան ամբողջ գործընթացին ընթացքին: Ան դրուատիքով խօսեցաւ Ընկ. Գասարճեանի բծախնդրօրէն պահպանուած արխիւին մասին, որոնք ի մի բերելով ան յաջողած էր այս գիրքը պատրաստել: Ընկ. Էօրտէքեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի պատրաստութեան հետ մեծապէս առնչուած Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանին:

Աւարտին ելոյթ ունեցաւ գիրքին հեղինակը՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Կ’ուզեմ քանի մը կէտի անդրադառնալ: Պիտի սկսիմ իմ երիտասարդական տարիներէն, երբ անդամ էի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան: Այդ տարիներուն, ինծի համար հպարտութիւն էր, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին միասնական կը գործեն եւ միակամ ճակատ կը կազմեն: Եւ ես միշտ աշխատած եմ այս ուղղութեան շուրջ, երբեք չեմ մոռնար պարոն Ալեք Մանուկեանի խօսքը, երբ կ՚ըսէր. «Ուր Բարեգործականը զօրաւոր է՝ այնտեղ Ռամկավարները զօրաւոր են եւ ուր Ռամկավարները զօրաւոր են՝ այնտեղ զօրաւոր է Բարեգործականը»: 

Ոմանք հաւանաբար տեղեակ են, որ Ալեք Մանուկեանի ղեկավարութեան շրջանին Բարեգործականի Կեդրոնական Վարչութեան հիմնական անդամներուն մեծ մասը Ռամկավար Ազատականներ էին: Դժբախտաբար՝ Մանուկեանի մահանալէն յետոյ իրավիճակը փոխուեցաւ: Պատճառներէն մէկը այն է, որ այդ շրջանի նշեալ վարչութեան անդամ մեր կարգ մը ընկերները ի տարբերութիւն իրենց նախորդներէն, ինքզինքնին չարդարացուցին: Իմ ցանկութիւնս այն է, որ ՀԲԸՄը, ՌԱԿը եւ Ս. Էջմիածին միակամ տեսնեմ, քանի որ այս երրորդութիւնը մեզի համար սուրբ երրորդութիւն է»:

Այս գիրքին մէջ յուշեր չեն միայն, անոնք որոշ դաս առնելիք նիւթեր են, որ յետագային նոյն սխալները չգործենք: Պէտք է՝ գիրքին մէջ գրուածները օրինակ վերցնելով՝ կուսակցութիւնը միասնականացնենք, վերամիաւորենք:

Ապա, Ընկ. Յակոբեանի առաջարկով, Ընկ. Գասարճեանի հետեւողականութեամբ սրահին մէջ կուսակցականները իրենց աջը վեր բռնած սրտանց  կրկնեցին Կուսակցութեան անդամակցութեան իրենց երդումը, վերանորոգելով հայութեան ծառայելու իրենց երդումը հայրենի հողին վրայ։

Պահը հասած էր աւանդական գինեձօնին: Ընկ. Սեւակ բեմ հրաւիրեց ՀՀ Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեանը, օրուայ մեծարեալ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ՝ Ընկ. Լեւոն Պլըխեանը, օրուայ բանախօս՝ Վիգէն Խաչատրեանը, գիրքին խմբագիր՝ Ընկ. Յովիկ Էօրտէքեանը եւ «Զարթօնք»ի աշխատակից՝ Ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեանը, որպէսզի նոր հատորը օծեն գինիով:

Աւարտին ներկաներուն համար Ընկ. Գասարճեան իր գիրքը մակագրեց, մինչ անոնք տակաւին երկար զրուցեցին մտերմիկ հիւրասիրութեան մը սեղաններուն շուրջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ