Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ. Ողբ. Յակոբ Ճազմատարեանի մահուան առիթով

Միութենականը, կամաւորականը այն նուիրեալն է, որ պատրաստ է տալու իր ժամանակէն ու միջոցներէն, մտային թէ գործնական կարողութիւններէն. ան կը հաւատայ իր կատարած մարդկային, համամարդկային ազնիւ գաղափարներուն, որուն դիմաց կը մնանք շնորհակալ եւ երախտապարտ։

Ողբ. Յակոբ Ճազմատարեան կանուխ հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց ան ձգեց բարի անուն մը, օրինակելի եւ տիպար միութենականի անուն մը։

Ստորեւ, ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ ՀԲԸՄ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանակի ցաւակցական զոյգ խօսքերը՝ Յակոբ Ճազմատարեանի անժամանակ մահուան առիթով։

 

 

Մեծայարգ Ատենապետ եւ յարգելի անդամներ ՀԲԸՄի Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանակային Յանձնաժողովի եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան

Ազնիւ Տիկին Նինա Ճազմատարեան եւ դուստրը Լորա

Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Սիրվարդ Ճազմատարեաններ

Սիրելիներ,

 

Խոր վիշտով կը միանանք ձեզի, հրաժեշտ տալու մեր բոլորին սիրելի, նուիրեալ ու ազնուահոգի միութենական, Յակոբ Ճազմատարեանին, որ յաւիտենապէս ու անժամանակ, կը բաժնուի մեզմէ, իր բարի յիշատակները եւ գործերու արգասիքը ձգելով մեզի ու իր սիրելիներու եւ հարազատներու լայն շրջանակին:

Լաւապէս ծանօթ ըլլալով Յակոբին, իր կենսալի, մարդասէր բնաւորութեան, մեր սիրելի միութենական մեծ ընտանիքին նկատմամբ տածած ամբողջանուէր սիրոյն, սկաուտական, երիտասարդական եւ ընկերային ծառայութեան տարբեր շարժումներուն մէջ, նաեւ Շրջանակային Յանձնաժողովէն ներս, երկար տարիներու խանդավառ եւ նախաձեռնութեան ոգիով ցուցաբերած ձեռնհաս գործունէութեան, համոզուած ենք որ ան մեր բոլորին մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ կը շարունակէ ապրիլ բազմաթիւ ազնիւ ու ջերմ տպաւորութիւններով:

Այս առթիւ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ անձնապէս իմ եւ տիկնոջս Վերային կողմէ, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցենք ձեզի եւ ձեր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ մեր շրջանակի միութենական անդամներուն:

Թող Աստուած լուսաւորէ Յակոբի ազնիւ հոգին եւ օրհնեալ ըլլայ իր արդար յիշատակը:

 

Խոր վշտակցութեամբ,

Պերճ Սեդրակեան

Նախագահ ՀԲԸՄի

 

Նիւ Եորք, 30 Յունիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ