Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հաւատաւոր գաղափարապաշտը, անխոնջ պատմաբանը, աննկուն խմբագիր-հրապարակագիրը՝ ԴՈԿՏ. ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

Մեր կապը եւ մտերմութիւնը, յարաբերութիւնը ու հարազատութիւնը սկսած են 80ական թուականներու սկիզբէն, երբ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հաւաքներուն, հանդիպումներուն, խորհրդակցութիւններուն ու համաժողովներուն կը մասնակցէինք, որպէս սփիւռքահայ մտաւորականներ, հասարակական գործիչներ ու խմբագիրներ։

Գաղափարական նոյն ճակատին պատկանելով, երէցի ու կրտսերի հոգեկցութեամբ զիրար ճանչցած ու համագործակցած ենք բազմաթիւ ոլորտներէ ներս, բայց, մանաւանդ մամուլի գծով, նախ՝ Եգիպտոսի «Արեւ» օրաթերթի, ապա Աւստրալիոյ «Միութիւն» ամսաթերթի, ուր Դոկտ. Եափուճեան, իմ հրապարակագրութիւնս, յօդուածագրութիւնս ու սիւնակագրութիւնս գնահատողներէն եղած է, լայն տեղ տրամադրելով անոնց, ամէն անգամ որ առիթը պատեհ նկատած էր։

Դոկտ. Եափուճեան, լրջախոհ, պրպտող, հետեւողական, բանիմաց ու մտացի գիտնական-պատմաբան, հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ մըն էր, որ, առանց յաւակնութեանց, լուսարձակներէ հեռու, կը պատմագրէր, կը հրապարակագրէր, կը հրատարակէր ու կը գրագործէր, ամենայն աշխատասիրութեամբ, աշխուժութեամբ, արտադրողականութեամբ ու պարտաճանաչութեամբ, իր «գործ»ը նկատելով մտաւորականի կոչում եւ առաքելութիւն, որուն պէտք էր հաւատարիմ մնալ։

Իր պատմական ուսումնասիրութիւնները, գաղափարական հրատարակութիւնները, հրապարակագրական արտայայտութիւնները, խմբագրական գրառութիւնները եւ կուսակցական գործունէութիւնները, իրենց առարկայականութեամբ, հաւաստիութեամբ, թափանցիկութեամբ, հաւատարմագրութեամբ, իրօք, նշանակելի ներդրումներ ու դերակատարումներ են, միշտ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆԱԿԱՆ լրջութեամբ, լիութեամբ եւ ինքնութեամբ։

Իմ յարգանքս եւ ակնածանքս Եափուճեանին մասին, ամենէն առաջ կ’երթայ անոր անսահման ազգասիրութեան ու գաղափարասիրութեան, անոր իրաւ հայու ու մարդու նուիրականութեան, բայց նաեւ, անոր մտաւորական ձեռնհասութեան ու պարկեշտութեան։

Պատմագիտական իր մենագրութիւնները եւ հրատարակութիւնները արժանացած են անուանի հեղինակներու ու հաստատութիւններու գնահատանքին, որուն համար անոր շնորհուած է Պատմական Գիտութիւններու դոկտորի կոչում, իսկ իր հրապարակագրական-խմբագրական վաստակը յատուկ տեղ կը գրաւէ սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ։

Դոկտ. Եափուճեան, հակառակ իր խանդավառութեան ու ցնծութեան, ի տես Հայաստանի անկախութեան ձեռք բերման, միշտ ալ եղաւ առողջ քննադատութեան կողմնակից մը, չհանդուրժելով այն բոլոր անիրաւութիւններն ու անարդարութիւնները, որոնք տեղի կ’ունենային (ու կ’ունենան) հայրենիքի այս կամ այն մարզերէն ներս։

Դոկտ. Եափուճեանի մեկնումը, անտարակոյս, կը յուզէ բոլոր զինք ճանչցողները, որոնցմէ մէկն ալ՝ ե՛ս եմ, իր կրտսեր գրչակիցը, յատկապէս ի գոհունակութիւն իր այն գրութիւններուն ու գրախօսականներուն, որոնք նուիրուեցան իմ ազգային-գաղափարական, գրական-հրատարակչական գործերուս։

Սիրելի Աւետիս, բարի յիշատակներով եւ հարուստ աւանդներով կը մեկնիս, բայց, քու յիշատակդ ու վաստակդ կը մնան անմար եւ անթառամ։

 

Պէյրութ, 10 Յուլիս 2017

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ