Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըս. Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած տեսաժապաւէնի գիշերը մեծ յաջողութիւն էր

ՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆՆԷՍ

 

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին կազմակերպած «ԱՇՈՒՆ» տեսաժապաւէնին ցուցադրութեան, Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017ին, միութեան «Գուրեան տանիքը»: Մօտ 65 անձեր վայելեցին սոյն տեսաժապաւէնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Մշակութային Յանձնախումբի անդամուհի՝ Օրդ. Ժանին Սապունճուի բարի գալուստի խօսքերով, որմէ ետք ան բացատրութիւն տուաւ տեսաժապաւէնին մասին:

Համշէնահայ Էօզճան Ալպերը, «Ոսկէ ծիրան» ֆիլմի փառատօնին ներկայացած է «Աշուն» ֆիլմով: Տեսաժապաւէնը կը պատմէ երիտասարդի մը մասին, որ իր ուսանողական տարիներէն սկսած է պայքարիլ սոցիալիզմի եւ ընկերվարութեան գաղափարախօսութեան համար: Գլխաւոր հերոսը` Եուսուֆը ձերբակալած են անոր քաղաքական գործունէութեան համար: 10 տարի ետք, դուրս գալով բանտէն, Եուսուֆը կը վերադառնայ իր հարազատ գիւղը` Համշէն: Այստեղ անոր կը սպասէ իր միայնակ մայրը: Ֆիլմի գեղեցիկ բնապատկերները կը հակադրուին հերոսի ներքին հոգեկան վիճակին: 10 տարի բանտին մէջ անցուցած Եուսուֆը բազում հացադուլերու արդիւնքով ախտահարած է թոքերը: Բժիշկը կ’ըսէ. «Թոքերուդ խէրն անիծած ես: Ես քեզ դեռ հացադուլիդ ժամանակ կը զգուշացնէի»: Եուսուֆն իր հիւանդութեան մասին կը լռէ: Հոփայի ափին ան կը գտնէ իր հոգեվիճակին մէջ գտնուող այլ էակ մը`վրացուհի մարմնավաճառ Էկան: Այս կործանուող հոգիները կարծես իրար կը ձգեն: Փողոցներուն մէջ պատահականօրէն անոնք անընդհատ կը հանդիպին: Սակայն նոյնիսկ այս սէրը կամ ձգողականութիւնը միմեանց նկատմամբ ոչ մէկուն մօտ երջանկութեան զգացում չի յառաջացներ: Ամբողջ տեսաժապաւէնի ընթացքին անոնցմէ ոչ մէկը կը ժպտի: Կարծես անոնք չափէն աւելի բեկանուած են կեանքի մէջ, եւ այլեւս ոչինչ անոնց չի կրնար երջանկացնել: Էկան 4ամեայ աղջիկ ունի, որ Վրաստան ձգած է, իսկ ինքը, գալով Թուրքիա, ուզած է աշխատիլ: Տեսաժապաւէնին մէջ երկխօսութիւնները շատ քիչ են: Եուսուֆն անընդհատ կը լռէ, չի պատասխաներ ո’չ Էկայի, ո’չ ալ մօր հարցումերուն: Ինչպէս Էկան կը նկատէ. «Դուն կարծես ներկայ չես, կարծես անցեալէն եկած ես ու այստեղ չես ապրիր»: Կախարդիչ Արտուինի անտառածածկ լեռները, լեռներուն վրայ ծուարած ամպերը եւ Հայկական լեռնաշխարհին բնորոշ փոքրիկ կարկաչուն գետակը հիանալի գեղագիտական պատկերներ կը ստեղծէ, եւ տեսաժապաւէնին մէջ կարծես կը ստեղծուի հակադրութիւն` կատարեալ բնութեան եւ մարդկային անկատար կեանքի` տառապանքի ու դժբախտութեան միջեւ:

Ի վերջոյ, բեմադրիչը կը փրկէ հերոսներէն մէկը: Էկան կը ձգէ մարմնավաճառի կեանքը եւ կը վերադառնայ Վրաստան: Անոր համար մահուան չափ դժուար էր բաժնուիլ Եուսուֆէն, բայց ան կը բաժնուի անխօս, առանց կանացի զգացում ցոյց տալու: Ամբողջ տեսաժապաւէնի ընթացքին Էկայի եւ Եուսուֆի միջեւ սիրային խօսակցութիւն չի կայանար, անոնց սէրը անոնց բախտին պէս լուռ է: Եուսուֆը կը շտապէ անձնագիր հանել եւ մեկնիլ Վրաստան` միանալու Էկային: Սակայն հիւանդութեան պատճառով վրայ հասած մահն աւելի շուտ զայն կը տանի դէպի հողը: Տեսաժապաւէնը կ’աւարտի գեղեցիկ եւ ողբերգական երգով մը եւ Եուսուֆի թաղման տեսարանով: Տեսաժապաւէնի վերջին տեսարանին ուղեկցող երգը Համշէնի մէջ երգուող ողբերգ մըն է, սակայն Էօզճանի խօսքերով` տեսաժապաւէնի մէջ բառերը փոխուած են եւ յարմարեցուած ֆիլմի տեսարանին: Իրականութեան մէջ Եուսուֆի կերպարը փոքր-ինչ նման է ֆիլմի բեմադրիչ՝ Էօզճան Ալպերին: 2001 թուականին Էօզճանը Թուրքիոյ մէջ դատապարտեցին մէկ տարուան ազատազրկման Քրէական օրէնսգրքի 8րդ յօդուածով, որ ներկայիս 301 յօդուածն է: Սակայն, ան բանտը չմնաց, ազատ արձակուեցաւ այն պայմանով, որ այլեւս չկրկնէ նման արարքներ:

***

Աւարտին՝ Մշակութային յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջոցառման օժանդակող տիարք Պերճ Կայտային, Եղիա Քէօսէին, Պետրոս Օհաննէսին, Ժանին Սապունճուին եւ Մարիէթ Օհաննէսին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ