Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարալ Արոյեան-Պոյաճեան տնօրէնուհի նշանակուած է Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի

Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի հոգաբարձական կազմը Տիկ. Մարալ Արոյեան-Պոյաճեանը նշանակած է որպէս 2017-18 տարեշրջանի տնօրէնուհի։ Մարալ այս դպրոցի առաջին տնօրէն՝ Դոկտ. Բենիամին Արոյեանի դուստրը ըլլալով, փոքր տարիքէն շատ մեծ փափաք ունեցած է ուսումի, ինչպէս նաեւ ձգտում կրթական առաջնորդ ըլլալու։  Որպէս դպրոցիս հպարտ շրջանաւարտուհի, Մարալ չորս տարիներ աշխատած է մանկապարտէզի բաժնին մէջ որպէս օգնական։  Մագիստրոս տիտղոսը ստանալէ ետք, ան նաեւ տիրապետած է վարժապետական համապատասխան դասընթացքի վկայականին։ Ան տասնչորս տարիներ եղած է Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի Ա. կարգի նուիրուած դաստիարակը։ Դպրոցիս աշակերտներուն եւ ծնողներուն վստահութիւնը եւ ներդրումը շահելու կողքին, Տիկ. Պոյաճեան դպրոցիս վարկաւորում ստանալու աշխատանքին մէջ գործօն մաս կազմած է։

Տիկ. Պոյաճեան նաեւ դպրոցի հոգեւոր տեսչուհին ըլլալով, շատ օգնած է աշակերտներուն Աստուածաշնչային գիտութեան վերելքին, անոնց սորվեցնելով Ստեղծիչին ամենազօրութիւնը, Յիսուս Քրիստոսի փրկագործութեան եւ Սուրբ Հոգւոյն ամենազօրութիւնը։

2016-17 տարեշրջանին Տիկ. Պոյաճեան եղաւ Քրիսթըն Ս. Սարեան մանկամսուր մանկապարտէզի տնօրէնուհի, ծաղկեցնելով դպրոցիս այս բաժինը։ Անցնող տարուան ընթացքին, այս բազմատաղանդ դաստիարակչուհին կազմակերպեց եւ առաջնորդեց շատ մը օգտակար եւ հետաքրքրական յայտագիրներ, միշտ քաջալերելով գործակից ուսուցչուհիները, նաեւ սիրելով իր սիրասուն աշակերտները ու յարգելով ծնողները։

Տիկ. Պոյաճեան իր պատկան եկեղեցիին մէջ ալ շատ գործօն եղած է։ Ան տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ ամառնային Սուրբ Գրոց դպրոցը, նաեւ Ծնունդի յատուկ յայտագիրներ, կիրակնօրեայ համագումարներ եւ մանուկներու գործունէութիւններ։

Վստահ ենք, որ Տիկ. Պոյաճեան որպէս հարազատ զաւակը այս դպրոցին, իր աստուածատուր տաղանդով, ուսման հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրով եւ գիտութեամբ, դպրոցը պիտի ծաղկեցնէ անգամ մը եւս «Վասն Յիսուսի եւ վասն Հայրենեաց»։ Աշակերտները պիտի զարգանան իմաստութիւնով ու հասակով, ստանալով քրիստոնէական, հայկական եւ բարձրորակ կրթութիւն։

Նորանոր յաջողութիւններ, անսպառ համբերութիւն, երկնային սէր եւ զօրութիւն կը հայցենք Աստուծմէ մեր նոր տնօրէնուհի Տիկ. Մարալ Արոյեան-Պոյաճեանին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ