Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Սեւան Նշանեանի հետքերով. Թրքահպատակ մտաւորականի մը փախուստը բանտէն

ՍԻՊԷԼ ՀՈՒՐԹԱՇ

 

Թուրքիոյ մէջ Twitter-ի միջոցով սփռուեցաւ լուրը անցեալ Յուլիս 14ին, հրապարակելով, թէ «Թռչունը թռա՜ւ հեռու։ Նոյնը կը մաղթենք մնացեալ 80 միլիոնին»։ Լուրը կը վերագրուէր ծնունդով հայ լեզուագէտ-գրող Սեւան Նշանեանին, որ բանտարկուած էր Յունուար 2014էն իվեր։ Հաւատարիմ իր փողփողուն ոճին, Նշանեան նախընտրած էր Twitter-ի միջոցով յայտարարել, թէ փախուստ տուած էր բանտէն, եւ թէ այլեւս ազատ անձ մըն էր։

Տարիներու թիւրաբանութենէն (controversy) ու դատավարութենէն ետք, հայ մտաւորական Սեւան Նշանեան Twitter-ի վրայ պայթեցուց լուրը, յայտարարելով իր փախուստը թրքական բանտէն։

Տարիներէ իվեր Նշանեան կը յատկանշուի իր երփներանգ անձնաւորութեամբ, Թուրքիոյ մտաւորական շրջանակներէն ներս։ Շրջանաւարտ Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանէն, անիկա հեղինակն է ստուգաբանական ուշագրաւ բառարանի եւ ուղեգրքոյկներու (travel guides) շարքի մը։ Սակայն, անիկա հակադարձ անձնաւորութիւն մը դարձաւ իր «Սխալ Հանրապետութիւնը» հատորով, որ հարցականի տակ դրաւ բանադրանքներ (taboos) թրքական հանրապետութեան եւ անոր հիմնադրին՝ Քեմալ Աթաթիւրքի մասին, զայրացնելով աշխարհական եւ ազգայնական թուրքերը։ Իր բութ քննադատութիւններով խռովեց նաեւ կրօնամոլ թուրքերու զայրոյթը։

Դէպքերու շղթան առաջնորդեցին իր բանտարկութեան 1995ին, երբ նախապէս Նշանեան տեղափոխուած էր խայտաբղէտ գիւղ մը, Թուրքիոյ Եգէական ծովախորշին մօտ։ Շիրինճէ քայքայուած գոյավիճակի մէջ կը գտնուէր, երբ Նշանեան ձեռնարկեց անոր աւանդական բնակարաններու վերանորոգութեան, զանոնք վերածելով նորավայել հիւրատուներու կամ՝ հանգստեան տուներու։ Շնորհիւ Նշանեանի Շիրինճէ դարձաւ զբօսաշրջիկային, ժողովրդական բնակավայր մը։ Սակայն մէկ անպատեհութիւն կար. վայրը պահպանուած շրջան հռչակուած էր։ Կը նշանակէր, թէ Նշանեան ապօրէն շինարարութիւն (կամ՝ բարենորոգում) կատարած էր։ Անոր ապօրինութիւնը գործ ունէր թուրք տաղտկալի պաշտօնակալութեան հետ։ Պահպանուած յայտարարուելէ ետք 1987ին, իշխանութիւնները վերագնահատելու էին շրջանին կարգավիճակը մէկ տարիէն, ինչ որ տեղի չունեցաւ։ Շատ մօտերը գտնուող, պատմական շքեղ Եփեսոսն ալ, գիւղին հետ միասին, մնացին աննորոգ վիճակի մէջ։ Վհատուած, մէկէ աւելի աղերսագիրներ տալէ ետք իշխանութեանց, որպէսզի շրջանի գոյավիճակը որոշեն։ Անպատասխան մնացած ըլլալով, Նշանեան որոշեց բարենորոգութեանց ձեռնարկել։ Մինչ այդ, անիկա սկսած էր հրատարակել իր հակադարձ գրութիւնները, երբ արդէն պետութիւնը ձեռնարկած էր անոր հիւրանոցներու քանդումին։ Հարցազրոյցի մը ընթացքին, Նշանեան յայտնեց, թէ դժուարութիւնները սկսան, երբ 2009ին սիւնակագիրը դարձաւ «Թարաֆ» օրաթերթին. «23 իր շինութեանց հանդէպ քանդումի որոշումներ հետեւեցան 2010ին»։

Ապօրինի շինութեանց թրքական արքայութեան մէջ, իշխանութեանց խստութիւնը Նշանեանի հանդէպ, ինչպէս նաեւ դատավարութիւնները, բոլորովին արտահերթ  էին։ Արդարեւ, ամէնէն աչքառու օրինազանցութիւնը Ռեճէփ Էրտողանի կոթողական պալատին կառուցումն էր, որ բարձրացած էր պահպանուած (protected) հողաշերտի վրայ, անտեսելով դատարանին ազդարարագիրը՝ կեցնելու շինութիւնը։ Այս կապակցութեամբ, 2014ի դատարանի որոշումէն ետք, Էրտողան կատարեց  հետեւեալ նշանակելի յայտարարութիւնը. «Թող քանդեն եթէ կը համարձակին»։

Նշանեանն ալ, իր կարգին, մերժեց կարեւորութիւն տալ իր կառուցումները քանդելու հրամանին։ Աւելին. արհամարհելով հրահանգը, կառուցեց աշտարակ մը «յայտարարելով իր ուրոյն հանրապետութիւնը»։ Եւ երբ զայն քանդելու հրամանագիրը ելաւ, պատասխանը եղաւ՝ «դիակիս վրայէն», շրջապատին ուղարկելով «մահազդներ»՝ հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու համար այս հակամարտութեան վրայ։ Այնուհետեւ, Շիրինճէ մնաց անփոփոխ, իսկ Նշանեան դատապարտուելով, արգելափակուեցաւ Յունուար 2, 2014ին։ Բանտ երթալէ առաջ, անիկա հարցազրոյց մը տուաւ թերթի մը, որու ընթացքին բաղնեկոնքի (bath tab) մէջ գաւաթ մը գինի բռնած էր։ «Պետութիւնը չի կրնար կորովս քանդել, նոյնիսկ եթէ ութուկէս տարուան բանտարկութեան ենթարկուիմ»։

Բազմաթիւ պայքարներ մղուեցան Նշանեանի ազատ արձակման համար, նոյնիսկ մասնակցութեամբ հանրածանօթ մաթեմաթիկոս Ալի Նեսինի, որ հիմնած է մաթեմաթիկայի իւրայատուկ գիւղակ մը Շիրինճէի մէջ։ Այս վերջինը նոյնիսկ հետաքննութեան ենթարկուած էր ապօրինի շինութեան համար, բացայայտելով, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ, արդարութեան գաւազանը կ՚օգտագործուի մտաւորականներու դէմ։

Բանտարկութեան ընթացքին, Նշանեան դատապարտուեցաւ նաեւ այլազան յանցանքներով, մինչեւ այն աստիճան, որ կարելի չէ հետեւիլ անոնց դատապարտութեանց։ Նշանեանի համաձայն, դատապարտութիւնները կը յանգէին 18 տարուան արգելափակումի, որ ձեւակերպական օրէնսդրութեամբ կը համապատասխանէր 6.5 տարուան ազատազրկումի, եթէ այլ դատապարտութիւններ չաւելնային։

Նշանեան դրուեցաւ բաց բանտի մէջ, որուն դատապարտեալները արտօնուած էին արգելակայանէն դուրս գալ որոշ օրերու։ Նշանեան օգտագործեց այդ գիշերներէն մէկը՝ փախուստի դիմելով։ Անիկա պարզապէս բանտ չվերադարձաւ։ Նշանեանի Յուլիս 14ի Twitter-էն ետք, Արդարութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտարարեց, թէ ձերբակալման հրամանագիր հանած է փախստականին դէմ։ Բանտին պաշտօնատարները մինչ այդ կարգապահական պատիժներու ենթարկուեցան։

Նեսին կը նկարագրէ բազմալեզու կարողութիւններով իր բարեկամը, որ կը խօսի սահուն անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, միաժամանակ օժտուած ըլլալով իւրայատուկ հմտութիւններով արաբերէնի ու լատիներէնի մէջ, յիշատակելու համար նաեւ բացառիկ տիրապետութիւնը թրքերէն լեզուին եւ անոր ստուգաբանութեան վրայ։

Նշանեանի ուր ըլլալը անծանօթ կը մնայ։ Ամէն պարագայի, այս մեծահամբաւ մտաւորականը կը կարծուի գտնուիլ Թուրքիայէն դուրս։

Մինչ Նշանեան փախուստ կու տար, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան 6 դէմքեր – Իտիլ Էսեր, Կիւնալ Ղուրշուն, Վելի Աճու, Էօվլեն Տալքըրան, Փիթըր Սթէօտնըր, Ալի Ղարաուի – կալանաւորուած էին, երբ անոնց Փորձառական Հիմնարկը, Իսթանպուլի մէկ կղզեակին վրայ ասպատակուած էր, առանց իրաւական արդարացումի։ Ասոնք միացած են արդէն բանտարկուած այլ աշխատակիցներու, եւ հիւծած շուրջ 170 լրագրողներու եւ խորհրդարանի անդամներու, գրագէտներու, որոնք զոհ են Անքարայի զանգուածային ճնշումին, անցեալ տարուան պետական հարուածի փորձէն ետք։ Մինչ այդ, հարիւաւոր ակադեմականներ նաեւ դատի քաշուած են, համալսարաններէն վտարուելէ ետք։ Տակաւին ազատ մնացողներէն ալ դատական մնայուն սպառնալիքի տակ կը գտնուին։

Վերադառնալով Նշանեանի Twitter-ին, որ ամբողջ Թուրքիան նմանցուցած է բանտի մը, իր բոլոր հայրենակիցներուն կը մաղթէ ազատութիւն։ Ակնարկելով իր պատգամին, որ այնքան աղմկայուզութիւն յառաջացուց, անիկա յայտարարած է. «Կ՚ենթադրեմ, թէ արձագանգ հանդիսացայ ամբողջ երկրին զգացումներուն։ 80 միլիոն մարդիկ կ՚երազեն փախչիլ խենթանոցէն, ուր ամրափակուած են»։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Էլ-Մոնիթըր», 20 Յուլիս 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ