Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կոչ ըրած էր Գերմանիա բնակող թուրքերու չքուէարկել իշխող կուսակցութեան օգտին, որովհետեւ անոնք թշնամաբար կը վերաբերին Անքարային։ Ասոր դիմաց Մերքէլ յայտարարած է ազատօրէն մասնակցիլ Պունտէսթակի ընտրութիւններուն, հասկցնելով, որ Գերմանիան «զգալիօրէն փոխած է իր քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ հանդէպ»։

ԱՄՆ. Նախագահ Տանըլտ Թրամփի ռազմավարական հարցերով խորհրդական Սթիվ Պենըն, որ յայտնի է իր ծայրայեղ աջ հայեացքներով, հրաժարական տուած է։ Թրամփ ընդունած է հրաժարականը։

ՖԻՆԼԱՆՏԱ. Ոստիկանութիւնը Թուրքու քաղաքին մէջ պատահած յարձակումը ահաբեկչութիւն որակած է։ Նշենք, որ տղամարդ մը դանակով յարձակած էր մարդոց վրայ, սպաննելով երկու հոգի եւ վիրաւորելով ութ ուրիշներ։ Կասկածեալը 18ամեայ մարոքցի մըն է, որ վիրաւորուած է ոստիկանութեան կողմէ եւ ձերբակալուած։

ՌՈՒՍԻԱ. Սուրկութ քաղաքին մէջ տղամարդ մը փողոցին մէջ վիրաւորած է ութ անցորդներ։ Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները սպաննած են յարձակողը։ Պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «Իսլամական Պետութիւնը»։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Նախագահ Էրտողան Սեպտեմբեր 10-11ին պիտի այցելէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու։ Թուրքիոյ նախագահը գալ ամիս կը մեկնի նաեւ Յորդանան, Ղազախստան, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿի ընդհանուր ժողովին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ