Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Լիբանանահայ զինուոր մը վիրաւորուած՝ Սուրիոյ սահմանին վրայ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Վեհափառ Հայրապետին գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Աբղ. Շարոյեան, այցելութիւն տուին լիբանանեան բանակին ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներուն դէմ մղած ճակատամարտի ընթացքին վիրաւոր զինուորներուն։ Հայր սուրբերը աղօթեցին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեցին անոնց։

Նշենք, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» անունով լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութիւնը սկսած էր Շաբաթ օր, Ռաս Պաալպէքի եւ Քաայի բարձունքներէն, ծայրայեղականներու կեդրոնները քանդելու եւ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերը ազատագրելու նպատակով։ Ըստ լրատուամիջոցներուն, բանակը յառաջդիմութիւն կ՚արձանագրէ տուած ըլլալով երեք նահատակներ եւ շուրջ տասը վիրաւորներ, որոնց շարքին՝ հայազգի Սեպուհ Կիրակոսեանը։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ