Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Ասպետներու Համախմբում. «Էլիս Այլընտ»ի շքանշանակիր տիար Գուրգէն Պէրքսանլար՝ ի պատուի

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու Համախմբումը վերջին տասնհինգ տարիներուն Լոս Անճելըսի հայ թէ օտար հանրութեան դիմաց հանդէս կու գայ  «Երեկոյ մտաւորականի մը հետ» ամենամեայ դասախօսական շարքով, ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան, հայու ինքնութեան եւ ընդհանրապէս հայաշխարհը յուզող այսօրուան քաղաքական կեանքին մասին հրատապ թեմաներ։
Եւ որո՞ւ, եթէ ոչ տիար Գուրգէն Պէրքսանլարի գլխաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան, ծնունդ առին այնպիսի «երեկոներ», որոնց հիւրերը հանդիսացան, օրինակ, պատմաբան Փրոֆ. Թանէր Աքչամ, քաղաքական գործիչ, Ցեղասպանութեան ”We apologize” ստորագրահաւաքի կազմակերպիչներէն՝ Փրոֆ. Ճէնկիզ Աքթար, 1915ի ճիւաղներէն Ճէմալ փաշայի թոռնիկը՝ Թուրքիոյ գլխաւոր թերթերէն «Ճումհուրիէթ»ի գլխաւոր խմբագիր Հասան Ճէմալ, որ այդ դասախօսութենէն ետք գրեց «1915… Հայկական ջարդը» հատորը։

Եւ այսպէս, Պոլիս ծնած, Միացեալ Նահանգներու մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած, ապրած ու գործած Գուրգէն Պէրքսանլար այս տարի արժանացաւ «Էլիս Այլընտ» շքանշանին, որուն ի պատիւ, ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութիւնը 7 Օգոստոս 2017ին, Պեւըրլի Հիլզի “The Peninsula Hotel”-ին մէջ կազմակերպած էր պատուասեղան-ընթրիք։

Օրուան հանդիսավար տիար Վազգէն Էքմէքճեան վարպետօրէն ներկայացուց մեծարեալը, համեմուած բանաստեղծական մէջբերումներով եւ ինքնատիպ բեմասացութեամբ։ Ապա, ան հերթաբար հրաւիրեց Ասպետներու ատենապետ տիար Արամ Ակինեանը,  Ասպետներու վարչութեան անդամ տիար Տիրան Ճէրէճեանը, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի նախկին ատենապետ՝ տիար Վահէ Իմաստունեանը, նոյն յանձնաժողովի ներկայ ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեանը եւ օրուան մեծարեալը, որպէսզի փոխանցեն իրենց խօսքերը։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի շնորհաւորագիրը ընթերցեց հանդիսավար Վազգէն Էքմէքճեան։

Ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄի Ասպետներու եւ տարբեր մարմիններու ներկայ թէ նախկին պատուարժան ատենապետներ եւ անդամներ, ինչպէս Ճէք Ապաճեան,  Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան եւ «Էլիս Այլընտ»ի շքանշանակիր Տոքթ. Սիմոն

Սիմոնեան։

Ատենապետ տիար Ակինեան անդրադարձաւ Պէրքսանլարի սիրուած ու յարգուած ըլլալուն շրջանակին կողմէ։ Ակինեան կարեւորեց այս շքանշանին տուչութիւնը, որ կը ստանան բացառիկ այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք աշխուժօրէն ներգրաւուած են ամերիկեան կեանքէն ներս։ Ատենապետ Ակինեան մեծարեալին մէջ իմաստաւորեց անոր նորարական ոգին եւ խորունկ սէրը հայ մշակոյթի եւ հայ համայնքին հանդէպ։

Ապա, Տիկ. Սիպիլ Ակինեան ծաղկեփունջով մը պատուեց ու շնորհաւորեց Տիկ. Թալին Պէրքսանլարը։

Շքանշանակիր Գուրգէն Պէրքսանլարի թեկնածութիւնը առաջադրուած էր ՀԲԸՄի Շրջանակայինի նախկին ատենապետ եւ ներկայիս ՀԲԸՄի Վ. եւ Թ. Մանուկեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձական կազմի համաատենապետ Տիար Վահէ Իմաստունեանի կողմէ, որ այս առթիւ փոխանցեց շնորհաւորական իր խօսքը։

Գլխաւոր պատգամաբերն էր Ասպետներու նախկին ատենապետ տիար Տիրան Ճէրէճեան, որուն խօսքէն լայն հատուածներ կու տանք առանձին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետուհի Տիկ. Թալին Եագուպեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Պէրքսանլար միութենականին, որուն շնորհիւ Ասպետներու Համախմբումը հասաւ աւելի բարձր պատուանդանի։

Ընթրիքի, ինչպէս նաեւ դադարներու ընթացքին, կը հնչէին արուեստագէտ Արմէն Ահարոնեանի դաշնամուրային կենդանի կատարումները։ Ցուցադրուեցաւ Գուրգէն Պէրքսանլարի «Էլիս Այլընտ» շքանշան ստանալու պաշտօնական արարողութենէն քաղուած տեսերիզ մը։ Ապա, շնորհակալական խօսք արտասանեց մեծարեալը։ Պէրքսանլար անդրադարձաւ բոլոր ներկաներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ ՀԲԸՄի Ասպետներու վարչութեան, որոնք իրենց ներկայութեամբ ու զօրակցութեամբ միշտ եղան իր կողքին։ Օրուան մեծարեալը մեծապէս կարեւորեց «Էլիս Այլընտ» շքանշանի իմաստն ու նշանակութիւնը, անդրադառնալով անոր էութեան։

 

«Տի Արմինիըն Օպզըրվըր» շաբաթաթերթի խմբագիր եւ արտօնատէր Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ եւ սրամտութեամբ նոյնպէս շնորհաւորեց օրուան մեծարեալը։

 

Արդարեւ, Տիար Պէրքսանլար այժմ իր ուսերուն վրայ ունի ազգին, հայրենիքին, եկեղեցիին ու համայնքին ծառայելու նոր ու քաղցր պարտականութիւններ, թէ՛ որպէս «Ս. Ներսէս Շնորհալի»ի եւ թէ՛ «Էլիս Այլընտ»ի շքանշանակիր։

Մեր շնորհաւորութիւնները եւ կանաչ ճանապարհ՝ Պրն. Պէրքսանլար։

 

Հ.Ս.

………………………………………………………………………………………………………………………………

 

Տիրան Ճէրէճեանի ելոյթը Գուրգէն Պէրքսանլարի «Էլիս Այլընտ» շքանշանով պարգեւատրուելուն առիթով

 

Նկարագրով ազնիւ, փափկանկատ, անկեղծ, հաստատակամ, աննախապաշար, լայնասիրտ, համբերատար, վստահութիւն ներշնչող, լայն մտապաշարի հետ հասկացողութեան ոգիի տէր Գուրգէնի խօսքը բնաւ չէ ունեցած կիրք եւ վիրաւորանք։

Քաղաքավար է, տրամաբանական մտածողութեան տէր՝ կը խուսափի միտքը եւ կարծիքը պարտադրելէ դիմացինին։ Ընդունակ է լսելու տարբեր կարծիքներ։ Կը պաշտպանէ իր տեսակէտները, սակայն, վերջաւորութեան՝ կ՚ընդունի մեծամասնութեան որոշումը։ Խօսքը՝ կշռուած, համոզիչ. միշտ զուգորդուած փաստացի տուեալներով։

Մեղմ է եւ չափաւոր իր արտայայտութիւններուն մէջ՝ միշտ պատրաստ հաշտ ու խաղաղ գործակցութեան, ի նպաստ Միութեան գերագոյն շահերուն։

Իր գործակիցները իր քով գտած են հաւատարմութիւն, շիտակութիւն եւ անկեղծութիւն։ Նուիրումը Միութեան նկատմամբ եղած է հետեւողական եւ անսակարկ, անկախ այն պարագայէն, թէ ինք ըլլայ ղեկավարի պաշտօնի վրայ կամ որպէս պարզ անդամ։

Ան ցոյց կու տայ անսպառ ուժ եւ հետեւողականութիւն՝ իրեն վստահուած գործ մը բծախնդրօրէն աւարտելու աննկուն կամք։

Գուրգէնին վերոյիշեալ յատկութիւնները եւ անհատական շնորհքը իրեն շուրջ համախմբած են արժէքաւոր, նախանձախնդիր, նոյնքա՛ն նուիրուած եւ բարձր որակի տուեալներով օժտուած գործընկերներու փաղանգ մը։

Հոս պէտք է ընդունինք եւ առանց տատամսումի շեշտենք Գուրգէնին ունեցած կազմակերպչական հմտութիւնը։ Անոր ատենապետութեան  չորս տարիներու ընթացքին ակներեւ էին ղեկավարի իր յատկութիւնները։

Առաջին օրէն Գուրգէն համոզուած էր Ասպետական Շարժումի հրամայական անհրաժեշտութեան՝ ի խնդիր մեր գաղութի ազգային, մշակութային եւ կրթական կեանքի զարգացման եւ բարելաւման։ Ասպետներու ձեռնարկները պէտք է որ ըլլային բարձրորակ, յատկանշական ու ցնցիչ, իրենց կազմակերպութեամբ եւ բովանդակութեամբ։

Ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Գուրգէն Պէրքսանլարի գլխաւորած եւ կազմակերպած աննախընթաց եւ բարձրորակ ձեռնարկները արձանագրեցին բացառիկ յաջողութիւն եւ Ասպետներու Շարժումը արժանացաւ մեր գաղութի բարձր գնահատանքին։

Որպէս ազատ միտքի եւ արտայայտութեան անխոնջ ջատագով, Գուրգէնին “Think outside the box”  կարգախօսը դարձաւ Ասպետներու իրերայաջորդ ձեռնարկներու անբաժանելի մասնիկը։

Կազմակերպուած աշխատանքը, տարբեր բնագաւառներէ ներս՝ կը պայմանաւորէ գոյութիւնը յստակ տեսիլքի, արժէքներու եւ խորհրդանիշներու։ Այս ուղղութեամբ, Ասպետական Շարժման մեկնարկի ընթացքին եւ մինչեւ օրս, մեծ եղած է վաստակը սիրելի Գուրգէնին։

(Լայն հատուածներ)

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ