Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան բարքեր. Պետական անուղղակի ճնշում

Մեր տան մօտ նպարատուն մը կար, որ մօտ երկու տարիէ ի վեր փակուած է՝ ինչ-ինչ պատճառներով չենք գիտեր։ Հողին տէրը բնականաբար կ՚ուզէ շէնքը վարձու տալ ուրիշի մը, սակայն կաշկանդուած է պետական անուղղակի ճնշումներով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Հոս պէտք է ըսեմ, որ այդ տարածուն հողին վրայ կան շատ մը այլ աշխատող գործատուներ։ Օրինակ՝ 150 հոգինոց ճաշարան մը, սափրիչ մը, արդուկիչ մը, անասնաբուժարան մը, սրճարան մը (coffee shop) եւ այլն։

Վերջերս իմացանք, որ գործատէր մը՝ մանուկներու յատուկ խաղավայր մը ուզած է հաստատել հոն, սակայն քաղաքի պատկան իշխանութիւնները արտօնութիւն չեն տուած։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շրջանի բնակիչները պահանջած են որ նպարատուն մը հաստատուի հոն՝ փոխարինելով փակուած վաճառատունը։

Ամերիկայի մէջ ընդունուած սովորութիւն է, որ երբ բնակարանային շրջանի մը մէջ գործատէր մը կ՚ուզէ վաճառատուն մը հաստատել, պետութիւնը կը դիմէ հոն բնակող ժողովուրդին եւ եթէ անոնք առարկութիւն մը չունին՝ արտօնութիւնը կը տրուի։

Պետութիւնը, աւելի ճիշդ քաղաքային իշխանութիւնները, յատկապէս ուշադիր կ՚ըլլան որ գինետուն մը եւ կամ ոգելից ըմպելի ծախող վաճառատուն մը չհաստատուի՝ դպրոցի մը եւ կամ եկեղեցիի մը կողքին։

Սա արդարանալի է, որովհետեւ ոչ ոք չ՚ուզեր որ գինով մը եկեղեցի յաճախէ եւ կամ դպրոցական աշակերտներ դասաւանդութեանց աւարտին կարենան մօտակայ վաճառատունէն ոգելից ըմպելի գնել։

Ուրեմն, երբ գործատէր մը կ՚ուզէ գինետուն մը եւ կամ ոգելից ըմպելի ծախող վաճառատուն մը բանալ, պէտք է դռան վրայ այդ մասին յայտարարութիւն մը փակցնէ, որ հոն կը մնայ մէկ ամիս։ Ամսուայ վերջաւորութեան, եթէ առարկող չեղաւ, արտօնութիւնը կը տրուի եւ վերջ։

Վերադառնալով վերոյիշեալ մեր հողատիրոջ, ան երկու տարիէ ի վեր վարձք չի ստանար փակուած նպարատունէն եւ դժբախտաբար որեւէ գործատէր հետաքրքրուած չէ նպարատուն մը հաստատելէ հոն։ Այս ալ արդար չէ, սակայն օրէնքի տրամադրութիւնն է, որ կը գործադրուի՝ ի վնաս հողատէրին…

Տարիներ առաջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հոլիվուտ Հիլզ բնակարանային շրջանին մէջ, մեծատարած հող մը գնեց։ Հոն պիտի կառուցուէր կեդրոն մը՝ գրասենեակներով, հանդիսասրահով եւ մարզախաղերու համալիրով։

Դժբախտաբար սակայն Լոս Անճելըսի քաղաքային պատկան իշխանութիւնները արտօնութիւն չտուին։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ շրջանի բնակիչները առարկած էին, թէ յաւելեալ երթեւեկի պատճառաւ՝ շատ աղմուկ պիտի յառաջանար, որ պիտի խանգարէր իրենց անդորրը։ Ստիպուած, հողը ծախեցին եւ սկսան նոր փնտռտուքի՝ յարմար կեդրոն մը կարենալ կառուցանելու համար։ Տարիներ ետք, Փասատինա քաղաքի բնակարանային շրջանի մը մէջ անոնք գտան օտար յարանուանութեան պատկանող եկեղեցի մը, որ ծախու հանուած էր։

Եկեղեցիին հողին վրայ կային նաեւ դպրոց մը, սրահ մը, մարզախաղավայր մը, գրասենեակներ եւ ինքնաշարժներու ընդարձակ կանգառ մը։ Յարմար նկատելով, ՀԲԸ Միութիւնը՝ բարերար Ալեք Մանուկեանի նիւթական օժանդակութեամբ, գնեց եկեղեցին եւ զայն վերածեց հանդիսասրահի։

Դարձեալ՝ շրջանի բնակիչներուն առարկութեամբ, քաղաքային պատկան իշխանութիւնը արտօնութիւն շնորհեց այն պայմանաւ, որ աշխատանքային օրերուն՝ որեւէ գործունէութիւն աւարտէր գիշերուան ժամը տասին։

Սա է պետական անուղղակի ճնշումը՝ որուն պէտք է ենթարկուինք, եթէ կ՚ուզենք մեր գործը յառաջ տանիլ ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած այս եկրին մէջ`ուր կը կիրարկուի “A government of the people, by the people, for the people” կանոնագրութիւնը։         

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ