ԱՄՆի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը ծրագրէ միջուկային նոր զէնքի մը ստեղծումը, որ մասնաւորաբար պիտի օգտագործուի զսպելու համար Ռուսիան եւ Հիւսիսային Քորէան։ Աշխատանք կը տարուի, որպէսզի նոր զէնքը շատ սուղ չարժէ, իսկ անոր պատճառելիք վնասը՝ ոչ զգալի։
Այժմ ԱՄՆի միջուկային զէնքի հիմնական տեսակը B61 փոփոխական հզօրութեան ռումբերն են, որոնք Փենթակոնի ծրագիրներուն համաձայն, երկրին սպառազինութեան մէջ պիտի մնան առնուազն մինչեւ 2025 թուական։