Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ մասնագէտները կը տիրապետեն աթոմական զէնքի պատրաստութեան

Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ կան հայազգի գիտնականներ, որոնք կը տիրապետեն միջուկային զէնքի պատրաստութեան եւ կրնան որեւէ ատեն այդ հարցով զբաղիլ։ Այսպէս յայտարարած է ԿԳՆ Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեանը Երկուշաբթի օր։ Սակայն, Հայաստանի մէջ չկան անհրաժեշտ միջոցներ եւ գումարներ, շարունակած է ան։ «Իրագործումը շատ մեծ գումարներ կը պահանջէ եւ մենք առայժմ չունինք», ըսած է ան։

Նշենք, որ հայկական աթոմային ելեկտրակայանը միակն է  Հարաւային Կովկասի մէջ եւ ան կը գտնուի Երեւանէն մօտ 20 մղոն արեւմուտք՝ Մեծամօր քաղաքին մօտիկ։ Ներկայիս կայանին արտադրանքը կը բաւարարէ Հայաստանի բնակչութեան կողմէ օգտագործուող ելեկտրականութեան 40 տոկոսը։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ