Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Լրացաւ վարչապետ Կարապետեանի առաջին տարին 

Սեպտեմբեր 13ին լրացաւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի իշխանութիւնը ստանձնելուն առաջին տարին։ Կարծիքները տարբեր են։ Հիմնականը այն է, թէ ան դարձաւ հերթական վարչապետը որ չյաջողեցաւ մեծ փոփոխութիւններ մտցնել երկրին տնտեսութենէն ներս։ Տնտեսական աճ կայ, բայց ժողովուրդը իր մորթին վրայ չի զգար այդ. օրինակ՝ թոշակներն ու նպաստները չբարձրացան։ Բայց անոր փոխարէն արտագաղթը կը շարունակուի եւ Գիւմրիէն ու Երեւանէն փոխադրակառքերով մարդիկ օրական կը մեկնին Ռուսիա, մէկ մասը՝ ընդմիշտ։

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստանի մէջ

Սեպտեմբեր 11ին Հայաստան այցելեց Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէն։ Ան տեսակցութիւններ ունեցաւ իր հայ գործընկերոջ՝ Էդուարդ Նալպանտեանի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Վերջին անգամ նման այցելութիւն մը տեղի ունեցած էր Ապրիլ 2017ին։

 

Արա Զօհրապեան վերընտրուած է փաստաբաններու նախագահ

Սեպտեմբեր 9ին, Փաստաբաններու պալատի նախագահի ընտրութիւններուն վերընտրուած է Արա Զօհրապեանը։ Ընտրութեան իրաւունք ունեցող1852 փաստաբաններէն մասնակցած էր 1087 իրաւաբան, որոնցմէ 1002ը իր ձայնը տուած էր միակ թեկնածուին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ