Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Քարլա Խիճոյեանի նոր պաշտօնը

Քարլա Խիճոյեան նշանակուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատու, կը յայտնեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։ Անոր պարտաւորութիւնները կ՚ընդգրկեն եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու մշակում, Միջին Արեւելքին առնչուած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ծրագիրներու ճշդում ու հետապնդում, ինչպէս նաեւ յատուկ նախաձեռնութիւններու իրագործում։

Գարլա Խիճոյեան եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանականներու ուսանողական միութեան (ՀԵՀՈՄ) ատենապետուհին, Լիբանանի քրիստոնեայ միութեան ատենապետուհին եւ Համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ։ Խիճոյեան ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Ճեմարան (Լիբանան) եւ կը տիրապետէ արաբերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ