Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Կարօ Փայլան Հայաստանի մէջ

Առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անցնող օրերուն կը գտնուէր Երեւան, հարիւրաւոր այլ հիւրերու կողքին, որոնք Սեպտեմբեր 18-20 մասնակցեցան Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6րդ համաժողովին։

Կիրակի օր ան ընդունուած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանին կողմէ, քննարկելով համաժովի հարցեր եւ տարածաշրջանային խնդիրներ։

ԹՈՒՄՕ Տաւուշի մէջ

Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կողբ գիւղին մէջ կը կառուցուի ԹՈՒՄՕի կեդրոն, որ շուրջ երկու միլիոն տոլարի ներդրում կ՚ենթադրէ։ Գիւղապետ Արսէն Աղաբաբեան յայտարարած է, որ ԹՈՒՄՕն լաւագոյն օրինակը կրնայ ծառայել, որպէսզի ուրիշներ նոյնպէս գան եւ ներդրումներ կատարեն սահմանամերձ գիւղին մէջ։

 

Կը վերանորոգուի «Սիւնիք» օդակայանը

Հարաւային Հայաստանի Կապան քաղաքի «Սիւնիք» օդակայանի վերանորոգութիւնը սկսած է։ Նոր շէնքի կառուցման նախագիծը արդէն պատրաստ է, յայտնած է Սիւնիքի մարզպետի խորհրդական Ռոպերթ Հայրապետեանը։

 

Սոնա Կոշեցեան՝ «Այբ» հիմնադրամի տնօրէն

 

«Այբ» կրթական հիմնադրամի տնօրէն նշանակուած է Սոնա Կոշեցեանը,  որ մինչ այդ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնատարն էր։ «Այբ» կրթական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Կարօ Սարգսեան համոզուած է, որ Սոնան ճիշդ անձն է «Այբ»ի զարգացումը ապահովելու համար։ Ան 2009էն ի վեր «Այբ»ի հետ է, եղած է Դիլիջանի դպրոցին տնօրէնը, իսկ 2016էն ի վեր որպէս փոխտնօրէն կը ղեկավարէր «Արարատեան պաքալորէայի» ծրագիրը, որպէսզի հայաստանեան այլ դպրոցներ եւս անդամակցին անոր։

Նշենք, որ «Այբ»ի նախկին գործադիր տնօրէնն էր Դաւիթ Սահակեանը, 2016 Դեկտեմբերին նշանակուած էր Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար։

 

Հայաստան – Եւրոմիութիւն նոր համաձայնագիր

Յառաջիկային կնքուելիք Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագիրը պիտի դիւրացնէ Հայաստանի գիւղատնտեսական արտադրանքի ներմուծումը եւրոպական երկիրներ, «Եւրոպան Հայաստանի մէջ» առեւտրական ցուցահանդէսին Երեւանի մէջ յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի  Առեւտուրի գլխաւոր բաժնի ղեկավար Փեթրոս Սուրմելիսը։

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիոթր Սվիթալսքին, իր հերթին ըսած է, որ այդ ցուցահանդէսին նպատակն է խթանել Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը։

 

«Ելք»ը ելք կ՚ըսէ ԵԱՏՄէն, իսկ ՀՀԿ՝ ոչ

«Ելք»ի ղեկավարներէն Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով թէ՛ ժողովրդային խաւեր, թէ՛ մամուլը եւ թէ՛ Ռուսիա եւ ԵԱՏՄի անդամ երկիրներէն աւելի ու աւելի սկսած են արձագանգել Հայաստանի մնալուն կամ դուրս գալուն՝ Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն։ Միւս կողմէ, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան պատասխանելով Փաշինեանին, ըսած է, որ «սա մերժուած նախագիծ է»։

 

Նախագահ Սարգսեան այցելեց Թուրքմենստան

 

Կիրակի ամսուն 17ին Թուրքմենստան մեկնած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ուր մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցան Ասիական 5րդ խաղերուն բացման  արարողութիւնը։

Նախագահ Ղուրպանկիւլի Պերտիմուհամետովին հետ Սարգսեան քննարկած է հայ-թուրքմենական յարաբերութիւնները։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ