Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

«Միրաք» Ուսանողական յանձնախում. «Համահայկական գաղափարախօսութիւն» գիրքի քննարկումը

24 Սեպտեմբեր 2017ին, Երեւանի THE LOFT ինքնազարգացման ու ժամանցի կեդրոնէն ներս, «Միրաք»ի Ուսանողական յանձնախումը այս անգամ կազմակերպեց «Համահայկական  գաղափարախօսութիւն» գիրքի քննարկում:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, Փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, գիրքի հեղինակ Ընկ. Յակոբ Նազարեանը, ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Ընկհի. Ժենի Գրիգորեանն ու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, Յունաստանէն Ընկ. Տիգրան Ապպասեանը, ինչպէս նաեւ երեւանաբնակ ընկերներ:

Հանդիպման սկիզբը ազդարարեց «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հիմնադի, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, որ վստահեցուց, թէ համալսարանականներէ բաղկացած Ուսանողական յանձնախումբը դեռ երկար ճանապարհ պիտի ունենայ եւ պիտի  հանդիսանայ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հիմնասիւներէն մէկը: Ընկ. Ալեքսան հիւրերը ծանօթացուց Ընկհի. Գոհար Խաչատրեանին, որուն վստահուած էր  ուսանողական խումբի կազմումը եւ գիրքի քննարկում երեկոյի կազմակերպումը:

Այնուհետեւ, Ընկհի. Գոհար Խաչատրեան հիմնուելով առողջ բանավէճի սկզբունքներուն վրայ,  վարեց «Համահայկական գաղափարախօսութիւն» գիրքի քննարկումը: Քննարկման ընթացքին համալսարանականները մեծ ոգեւորուածութեամբ հարցեր հնչեցուցին եւ հիմնաւորուած տեսակէտներ արտայայտեցին՝ գիրքի տարբեր ուղղութիւններուն վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին գիրքի հեղինակ Ընկ. Յակոբ Նազարեան հանգամանալից ներկայացուց գաղափարախօսութեան էութիւնը, արդիականութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղիները, հայրենիքի հզօրացման նպատակով ստեղծուած մարտավարութեան ձեւը թէժ քննարկման առիթ հանդիսացաւ, համալսարանականներու կողմէ հնչեցուած հարցերը եկան համապատասխանեցման եզրեր գտնելու՝ մշակուած գաղափարախօսութեան եւ  Հայաստանի իրականութեան միջեւ։ Համալսարանականները նաեւ ներկայացուցին իրենց առաջարկութիւնները` հայրենիքի մէջ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։

Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան, որ կարեւորագոյն մասնակցութիւն ունի գիրքի ստեղծման մէջ, կարեւորեց երիտասարդներու դերը պետութեան զարգացման եւ առաջընթացի գործին մէջ, քաջալերեց մասնակիցները` ինքնազարգանալ, չերկնչիլ եւ ստեղծել հզօր հայրենիք։ Համալսարանականներու բազմակողմանի հարցերուն ուրոյն պատասխաններ տուաւ նաեւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, իսկ հանդիպման աւարտին համալսարանականներուն ոգեշնչող եւ քաջալերող խօսքեր յղեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը։ 
Ընդ որում, հիւրերուն համար յատկանշական էր բազմակողմանի զարգացած, հզօր ներուժ ունեցող համալսարանականներու հետ հանդիպումը, որոնք պիտի դառնան հայրենիքի ապագան կերտողները։

Այս հանդիպումով մեկնարկեց «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական շարժման Ուսանողական յանձնախումբի գործունէութիւնը։

 

«Միրաք»ի պասքէթպոլային ակումբի պաշտօնական բացում 

 Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2017ին, տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած ընկերներու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքէթպոլային ակումբի բացումը:

Բացման գլխաւոր հիւրն էր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆէն ժամանած Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանը եւ Լոնտոնէն՝ Ընկ. Վարդան Ուզունեանը:

Խումբի մարզիչ Պրն. Հայկ Առաքելեան բարի գալուստի խօսքին մէջ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց «Միրաք»ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսանին եւ աջակից ընկերներուն, իրենց ցուցաբերած կարեւոր աշխատանքին համար: Պասքէթի խումբին մաս կազմող պատանիները, այնուհետեւ իրենց միագոյն «Միրաք»ի տարազներով մտան դաշտ եւ խումբին դրօշը ստանձնեցին Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանէն:

Ընկ. Նահապետեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց այս նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով որ մարզանքը եւ սփորթային խաղերը ամենաօգտակար եւ լաւագոյն միջոցն են առողջ սերունդ պատրաստելուն. բացի այդ, մարզանքի հետեւելով երիտասարդները կը կտրուին փողոցէն, կու գան մարզասրահ, կը կոփուին եւ սփորթի ասպարէզին մէջ եւ հասարակութեան համար պիտանի ահատներ կը դառնան, նաեւ կրնան ունենալ յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ:

Խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ակումբի ծննդեան կարկանդակի հատումը, որմէ ետք գնդակ նետումի մրցում սկսաւ պատանիներուն եւ երէց ընկերներուն միջեւ:

Ծնողները նոյնպէս իրենց երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին կազմակերպութեան, այս կարեւոր եւ օգտակար նախաձեռնութեան համար, որ իրենց զաւակներուն նախասիրութեամբ զբաղուելու լաւագոյն առիթ պիտի ըլլայ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ